2009-05-15 13:45:07

41 - Հայկական Երաժշտութիւն

Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Յարօ Ստեփանեան


Հայ նշանաւոր երգահան եւ երաժշտութեան ուսուցիչ մը եղած է Յարօ Ստեփանեան. Ան ծնած է Էլիզապետբոլ 1897-ին. Իր երաժշտական ուսումը ստացած է Մոսկուայի Գնեսիններու երաժշտանոցին մէջ, 1923-26։ Ապա շարունակած է իր ուսումը Լենինկրատի Գոնսերվաթորիային մէջ եւ զայն աւարտած է 1930-ին, իբր ուսուցիչ ունենալով` երգահանութեան մարզին մէջ, Շչերբաչովը։

1930-34 Յարօ դասաւանդած է երաժշտութեան արուեստը Երեւանի Գոնսերվաթորիային մէջ. Ան մեծապէս օգտակար եղած է Հայաստանի երաժշտական մշակոյթի զարգացման գործին ի նպաստ։ 1939-47 ընտրուած է Երեւանի երաժշտահաններու (Գոմբոզիթորներու) միութեան նախագահ։ Ան յօրինած է 3 Սիմֆոնիաներ եւ 5 Օփերաներ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր եւ ռօմանսներ։

Ի գործերուն մէջ կը գտնենք մասնաւորապէս մեծ յուզականութիւն եւ ժողովրդական կերպարներու իրապաշտ ներկայացում։ Իր ստեղծագործութեան գլեաւոր նիւթը Հայաստանն է, երկրին բնութիւնը, ազգային պատմութիւնը եւ ժողովրդի հարազատ նկարագիրը։ Ան առասպելականէն սկսած է եւ հասած մինչեւ արդի հայ հերոսներու պատմութիւնը։ Իր օփերաներու նիւթերն են. Սասունցի Դաւիթը, 1936-ին յօրինուած. Նունէ, 1947-ին գրուած, որուն նիւթը միջին դարու Թոնդրակեցիներու շարժումէն առնուած է. Լուսաբաց, 1938-ին աւարտած, ուր կը խօսի ժողովրդական պայքարի մասին, համայնավարական յեղափոխականութեան սկիզբներուն։

Պետական մրցանակ շահած է իր Հերոսուհի օփերան, որը ժամանակակից պատմութիւն մըն է, առնուած երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մէկ դրուագէն։ Երգիծական օփերա մը եւս ունի, որու անունն է Քաջ Նազար, յօրինուած 1934-ին։

Իր երեք Սիմֆոնիները, գրուած Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք` 1944-ին, 1945-ին եւ 1953-ին, մեծ ժողովրդականութիւն շահեցան բոլոր սովետական երկիրներուն մէջ. Ստեփանեան ունի նաեւ լարային քուարթեթի համար գրուած ռոմանսներ (դաշնամուր, 2 ջութակ եւ թաւջութակ), ինչպէս նաեւ ձայնային (վոքալ) ստեղծագործութիւններ։

Ան օգտագործած է նաեւ մեր հայ մեծ բանաստեղծներու քերթուածներ, զանոնք վերածելով երգի։ Նահապետ Քուչակէն, Մկրտի Նաղաշէն եւ Նաղաշ Յովնաթանէն` միյնադարեան քնարերգութիւններ վերածած է երգի։ Երգի վերածած է մասնաւորապէս Դանիէլ Վարուժանի Հացին Երգը, ինչպէս նաեւ զանազան հեղինակներու քերթուածներ, ինչպէս զոր օրինակ Վահան Տէրեան, Յովհաննէս Շիրազ, Սարմեն եւ մասնաւորապէս Աւետիք Իսահակեանը, որ շատ մօտ է իր սրտին։ Յիշենք այս վերջինէն` Ալագեազի մանիներ, Երազ օրեր, Մտորումներ, Հայրենի աղբիւր։ Յիշենք նաեւ իր զանազան գործերէն` Լուր-դա-լուրը, պարային սուիթը, Մեծ Եղեռնի օրաթորիան, յօրինուած 1964-ին, Եղեռնի յիշատակի 50-ամեակի նախօրեակին։

Ան ունի նաեւ գրական արտադրութիւններ. Հին ծանօթներ տիտղոսով` պատմուածքներու ժողովածու մը, Ղարղադիլը եւ ուրիշները։

Ստեփանեանի երաժշտութիւնը արտայայտիչ է, վառ գոյներով, եւ սերտօրէն կապուած է հայ ժողովուրդին։ Ազգային թեման կը տիրապետէ իր գործերուն մէջ։ Ան կը հանդիսանայ հայակական դասական երաժշտութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին։ Մահացած է Երեւանի մէջ, 1966-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.