2009-05-14 14:07:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Ս. Երկիր. Ուխտագնացութեան 7-րդ օրը` նուիրուած է Գալիլիոյ` հիւսիսային Իսրայէլի ՜՜Նազարէթ՝՝ քաղաքին։


Նազարէթին մէջ Սրբազան Հայրը բացօդեայ պատարագ մատուցեց. իսկ երեկոյեան ՜՜Աւետաման՝՝ պազիլիքայի մէջ Սրբզ. Հայրը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ՝ Նէթանիահուի հետ։



Հինգշաբթի 14 Մայիս 2009, առաւօտեան ժամը՝ 8.15 ին, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր Յիսուս իր մանկութիւնը ապրեցաւ։ Առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբզ, Հայրը բացօդեայ պատարագ մատուցեց աւելի քան 40 հազար հաւատացեալ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Ս. Զոհը մատուցուեցաւ լատիներէն, յունարէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հաւատացեալ ուխտաւորները որոնք իրենց տարբեր լեզուներով, ծէսերով ու աւանդութիւններով կը դրսեւորեն Քրիստոսի Եկեղեցւոյ Տիեզերականութիւնը։ Նոյնպէս ողջունեց Իսրայէլի հանրապետութեան նախագահը որ ուզեց մասնակցիլ ծիսակատարութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը կեդրոնացուց ՜՜ընտանիքի՝՝ վրայ, մեկնելով Սուրբ Ընտանիքի օրինակէն։ Սրբազան հայրը ընդգծեց ՜՜ընտանիքի ընկերային դերը եւ պարզեց ընտանիքի ներկայ կացութիւնը աշխարհի մէջ՝՝։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց պետութեան դերը օգնելու՝ ընտանիքին, որպէսզի իր կարգին ան՝ ՜՜ընտանիքը՝՝ կարենայ լաւագոյն դաստիարակութիւնը ջամբել զաւակներուն՝՝։ Ապա Սրբազան Հայրը ընդգծեց կնոջ դերը ու արժանաւորութիւնը։ Աստուծմէ տրուած՝ անոր կոչումն է դաստիարակել զաւակները, սիրելու եւ գնահատելու ուրիշները, ըլլալու պարկեշտ ու ամէնուն հանդէպ`յարգալիր եւ գործադրելու գթութեան ու ներումի առաքինութիւնները։

Պատարագի աւարտին Նորին սրբութիւնը օրհնեց երեք կառոյցներու առաջին քարերը. ՜՜Ընտանիքի միջազգային կեդրոնը, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի յուշամալիր այգին եւ Պենետիկտոս ԺԶ.ի համալսարանը՝՝։

Ապա Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Նազարէթի ֆրանչիսքեան հայրերու վանքը եւ շրջանի եպիսկոպոսներու հետ ճաշեց։

Յետմիջօրէին ֆրանչիսքեան վանքին մէջ Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Նէթանեահուի հետ։

Կէս ժամուայ հանդիպումէն ետք, Սրբազան հայրը ուղղեցաւ ՜՜Աւետման Սրբավայրին սրահը՝՝ ուր հանդիպում ունեցաւ Գալիլիայի կրօնական պատասխանատուներուն հետ։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Հռոմի Պապը յայտնեց իր մեծարանքը հանդէպ Գալիլիոյ կրօնական ՜՜հրեայ, մահմետական, տիւրզի եւ օրթոտոքս՝՝ համայնքներու պատասխանատուներուն, մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնելով տիւրզի հասարակութեան անդամներուն, որոնք մասնակցախ էին երջ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին յուղարկաւորութեան։

՜՜Հոս կ'ուզեմ քաջալերել բոլոր կրօներու հաւատացեալները (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ.) համագործակցելու՝ լուծում գտնելու համար ընդհարումներուն եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումին ու մարդու իրաւունքներու յարգանքին։ Քրիստոնեաները այլ կրօնական համայնքներու հետ միասին խորապէս համոզուած են թէ խաղաղութիւնը աստուածային շնորհք է։

Ժամը 16.50ին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Աւետման քարայրը եւ մատրան ուխտանուէր արծաթէ կանթեղ մը տուաւ քարայրին։ Կանթեղին հասակը 0,57 մեթր եւ կը կշռէ 1.170 կրամ եւ որու վրայ պատկերացուած են երեք հրեշտակներ եւ փորագրուած` ''Ողջոյն քեզ'' բառերը եւ իր քահանայապետութեան զինանշանը։

Ապա Աւետման պազիլիքայի մէջ, գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը շրջանի կղերին հետ` եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու եւ եկեղեցական եղբայրութիւններու պատասխանատուներու հետ։ Հուսկ Նորին սրբութիւնը ինքնաթիռով Երուսաղէմ պիտի վերադառնայ եւ պիտի ընթրէ երուսաղէմի առաքելական նուիրատան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.