2009-05-14 13:24:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՊԷՆԷՏԻԿՏՈՍ ԺԶ ՊԱՊԸ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍԻ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՎ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երէկ Այսրյորդանանի մէջ Իսրայէլի կողքին պաղեստինեան պետութեան մը ստեղծման գծով արտայայտեց Վատիկանի զօրակցութիւնը եւ աղօթեց՝ Կազայի դէմ հաստատուած իսրայէլեան շրջափակման վերացման համար։ Նորին Սրբութիւնը այցելեց Բեթղեհէմ, ուր հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։ Ապպաս դատապարտեց Իսրայէլի կառուցած ցեղային խտրականութեան պատը, զոր Բեթղեհէմը կանջատէ մօտակայ Երուսաղէմէն։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ'ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, 12 մայիսին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 119-րդ նիստին ընթացքին, անդրադառնալով Ղարաբաղեան տագնապին ըսած է, որ Արցախի ժողովուրդի՝ իր անվտանգութիւնը ապահովելու մտահոգութիւնը ինկած էր ինքնորոշման իրաւունքի օրինական պահանջի հիմքին մէջ։ Այդ պահանջին Ազրպէյճան ուժով հակադարձեց ազգային զտումներ կատարելով, ապա անցաւ բացայայտ, լայնածաւալ նախայարձակումի՝ օգտուելով նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապ ունեցող վարձկաններու ծառայութենէն։ Խօսելով հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած բանակցային գործընթացին մասին, նախարարը ընդգծած է, որ 2001 թուականին տագնապի հանգուցալուծումը բաւական մօտ եղած է, սակայն Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումին եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն հրաժարելու պատճառով, իրականութիւն չէ դարձած։



ԹՈՒՐՔ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԻՏՈՒՀԻ ՄԸ 1915-Ի ԴԷՊՔԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՐԱԿԱԾ։

Թուրք դեսպան Ինալ Պաթուի դուստրը,երիտասարդ արուեստագիտուհի Փելին Պաթու, երկուշաբթի, 11 մայիսի երեկոյեան մասնակցած է թուրք լրագրող Մուրատ Պարտաքճըի հաղորդավարութեամբ սփռուած ՝՝Պատմութեան ետին սենեակները՝՝ պատկերասփիւռի յայտագիրին, որուն քննարկման հիմնական նիւթը եղած է ՝՝Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման ներկայ գործընթացը՝՝։

Յայտագիրին ընթացքին Փելին Պաթու քանի մը անգամ անսպասելի կերպով Ցեղասպանութիւն որակած է 1915-ի դէպքերը եւ անմիջապէս քննադատութիւններու թիրախ դարձած է հաղորդավարին ու յայտագիրին միւս մասնակիցին կողմէ։

Անսպասելի այս խօսքերուն լոյսին տակ յայտագիրը դիտողները սկսած են անմիջապէս բողոքներով ու սպառնալիքներով լեցուն ՝՝ե-նամակներ՝՝ ուղարկել մեղադրելով նաեւ, որ Պաթու իր վիզէն անցուցած էր նուռի խորհրդանիշով շղթայ մը։ Փելին Պաթու այս մեղադրանքներուն ի պատասխան ըսած է, որ այո՛, Հայաստանէն գնած է այդ շղթան, որովհետեւ նուռը իր ամէնէն սիրած պտուղն է։ ՝՝Որքա՜ն ամօթ է ,կը խօսինք երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ու յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ դնելու մասին, իսկ մարդիկ նուռի մը համար աղմուկ կը բարձրացնեն(նշած է երիտասարդ թուրք արուեստագիտուհին)։



Քրտական խորհրդարանին մէջ հայերը պիտի ունենան մէկ աթոռ։

՝՝Երկիրի՝՝ կայքէջը կը տեղեկացնէ թէ Հիւսիսային Իրաքի քրտական վարչակազմի Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին 42 կուսակցութիւններ եւ քաղաքական միաւորումներ, որոնք պիտի պայքարին խորհրդարանի 111 աթոռներուն համար։ Ըստ ՝՝Նոյեան Տապան՝՝ գործակալութեան քրտական վարչակազմի Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Ալի Քատիրի խօսքերով,նոր խորհրդարանին մէջ 11 տեղեր յատկացուած է ազգային փոքրամասնութիւններուն, 5 տեղ քելդանիներուն, 5 տեղ ասորիներուն ու թիւրքմեններուն եւ մէկ աթոռ ալ հայերուն։



Քաննի կինոփառատօնին այս տարի կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը։

Քաննի 62-րդ միջազային կինոփառատօնի շրջանակներու ծիրէն ներս Մայիս 13-22-ը տեղի կունենայ Կինոշուկա Ծրագիրը, որուն առաջին անգամ ըլլալով եւ պետական մակարդակով կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը ի դէմս Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի մասնակցութեան։Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ հայաստանեան առանձին տաղաւարով կը ներկայացուին 2006-էն մինչեւ օրս ստեղծուած 20-է աւելի հայկական լիամետրաժ ու կարճամետրաժ,խաղարկային,անիմացիոն,եւ վաւերագրական ֆիլմեր որոնց կարգին Վիգէն Չալդրանեանի ՝՝Քրմուհի՝՝, Յարութիւն Խաչատրեանի ՝՝Սահման՝՝,Յովհաննէս Գալստեանի ՝՝Խճճուած Զուգահեռներ՝՝ եւ Ալբերտ Մկրտչեանի ՝՝Տխուր փողոցի լուսաբացը՝՝ ֆիլմերը։ Փառատօնի ոչ-մրցութային ծրագրով ներկայացուած է կինոհան Մարտուն Յարութիւնեանի ՝՝Հանգրուան՝՝ ֆիլմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.