2009-05-13 13:45:52

Լուրեր հայ աշխարհէն

Իտալահայ Փրօֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեանի՝ ՜՜ Gli Armeni -Հայերը՝՝ նոր հատորին ներկայացումը. Հռոմ-Իտալիա։


Վաղը Հինգշաբթի 14 Մայիս 2009-ին ժամը 17-ին, Հռոմի Mercede անուան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայազգի գրագիտուհի՝ Փրօֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեանի ՜՜ Gli Armeni՝՝ նոր հատորին ներկայացումը։ Հանդիպումը կազմակերպուած է Իտալիոյ մօտ Հ Հ Դեսպանութեան ու ՜՜Իտալիա-Հայաստան Բարեկամութիւն՝՝ անուան միջխմբային խորհրդարանական կազմակերպութեան կողմէ։

Խօսք պիտի առնեն վսեմ. Սանտրա Ծամբա ՜՜Իտալիա-Հայաստան Բարեկամութիւն՝՝ անուան Միջխմբային խորհրդարանական կազմակերպութեան նախագահը, Տոքթ. Տիգրան Սամուէլեան Հ Հ գործակատարը։ Այս առթիւ իրիենց միջամտութիւններով հանդթս պիտի գան Հայր Լեւոն Զէքիան, Տիկ Պածյառ Սվազլեան ու նաեւ հատորին հեղինակը Փրօֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան։ Հանդիպումը պիտի համակարգէ Տոքթ Աննա Սիրինեան-Տայութօ։



Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանին մէջ ՜՜Մայրերու օրուան նուիրուած՝ յատուկ ձեռնարկ՝՝։

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սրբուհի Ագնէս վարժարանի տիկնանց միութեան,12 Մայիս 2009ին, տեղի ունեցած է մայրերու օրուան յատուկ ձեռնարկ մը։

Յայտագիրը սկիզբ առած է վարժարանի տնօրէն՝ Քոյր Անայիս Գրքճեանի բացման խօսքով. Ան ըսած է որ ՜՜Մայրը խորհրդանիշ է սիրոյ ու զոհողութեան եւ աղբիւր է նուիրումի։ Մայրութեան կոչումը աստուածատուր է՝՝. կեանքին ամէնէն ծանր եւ կենսական գործին բեռը դրուած է մայրերու ուսերուն վրայ։ Մայրութիւնը խորհուրդ է, գեղեցկութեան, յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Մեր մայրերը, նշած է առաքինազարդ քոյրը,միշտ արժանի եղած են գնահատանքի եւ յարգանքի, իրենց կեանքի դժուարին օրերուն անոնք պահած են լեզուն, կրօնը եւ հայկական աւանդութիւնները, վարժարանի տնօրէնը կոչ ուղղած է երիտասարդ մայրերուն նմանելու՝ մեր մեծ մայրերուն, սիրելու եւ սիրցնելու մայրենի լեզուն ու մշակոյթը, որպէսզի հայութեան ոգին կենդանի մնայ եւ հայրենասիրական ոգիով դաստիարակենք նոր սերունդը։

Յայտնենք, որ մուտքին՝ ներկաները ստացած են Աստուածամօր նկարն ու աղօթքը եւ ՜՜Այսօր տօնդ է անուշ մայրիկ, կը մաղթեմ քեզ օրեր երջանիկ՝՝ նիւթով խտասալիկի օրինակներ։ Ս. Աստուածածնին նուիրուած յատուկ աղօթք կատարած է Հռիփսիմեանց վարժարանի նախկին տնօրէն՝ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան ։

Այնուհետեւ Մարալ Հարպոյեան խօսած է մօր դերին մասին ըսելով, ՜՜իւրաքանչիւր տան սիւնն է մայրը, որ իր ուսերուն առած է ընտանիքը պահելու, զաւակները դաստիարակելու, տիպար մայր ու կին ըլլալու պարտականութիւնը, որ իրմէ կը խլէ ամբողջ կեանք մը եւ քիչ մըն ալ աւելի. գարնանային վերածաղկումին հետ շունչ կառնէ նաեւ սէրը, որովհետեւ մայիսը մայրերու ամիս է՝՝ նշած է Մարալ Հարպոյեան աւելցնելով՝՜՜ Հերոսներ, բանաստեղծներ, ղեկավարներ, գրագէտներ, ազգային գործիչներ եւ իսկական հայեր ծնած են հայ մայրերը՝՝։

Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է Գարմէն Աճեմեան, որ մայրերու օրուան յատուկ երգերու կողքին ներկայացուցած է նաեւ ճոխ եւ խանդավառ այլ երգեր, ներկաներու մօտ ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն, իսկ Մարալ Անտոնեան ներկայացուցած է նազ պար, որմէ ետք Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցած են երեք պարեր։



Իրան-Հայաստան կազատար օգտագործում

Ըստ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան, իրանի կազի մատակարարումը Հայաստան, պիտի սկսի օրական շուրջ 2 միլիոն խորանարդ մեթրով։ Յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին այդ թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ, իսկ 2011-էն ետք՝ անցնիլ օրական 6 միլիոն խորանարդ մեթրի սահմանը։ Շուրջ 140 քիլոմեթրնոց կազատարի շինարարութիւնը հայկական կողմը պաշտօնապէս աւարտած էր անցեալ տարի՝ 2008- ի Դեկտեմբերին։

Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ 2004-ին ստորագրուած համաձայնագիրի հիման վրայ Հայաստան իրանական կազին դիմաց պիտի վճարէ ելեկտրականութեամբ, իւրաքանչիւր խորանարդ մեթրին դիմաց՝ ժամական 3 քիլովաթ ելեկտրականութիւն.

այսպէս ըսած է Հայաստանի ուժանիւթի նախարարութեան բանբերը Լուսինէ Յարութիւնեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.