2009-05-13 13:11:10

Ինչ Կը Գրեն Իսրայէլեան Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Իսրայէլ Ու Միջին Արեւելք Առաքելական ճամբորդութեան Առթիւ։


Ինչ Կը Գրեն Իսրայէլեան Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Իսրայէլ Ու Միջին Արեւելք Առաքելական ճամբորդութեան Առթիւ։



Իսրայէլեան գրեթէ բոլոր թերթերը իրենց առաջին էջերու վրայ դրած են Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր լուսանկարը մինջ կանգ առած է Լացի Պատին առջեւ։ Իսկ ՝՝ԺԷՐՈՒՍԱԼԷՄ ԲՈՍԹ՝՝ կը վերնագրէ ՝՝Քահանայապետը կ՝ափսոսայ քրիստոնեաներու գաղթին համար՝՝. Յօդուածը կ՝ըսէ որ Քահանայապետը մեղադրած կ'ըլլայ ՝՝ անանուն իշխանութիւնը՝՝ որ բաւականաչափ յարգած չըլլար քրիստոեաներու ներկայութիւնը շրջանին մէջ՝՝. ապա թերթը կը քննադատէ ինքնակոչ հիւր Շէյխ Թամիմի միջամտութիւնը որ խիստ բանակռիւ յառաջացուած է իսրայէլի մէջ իր խօսքերու բովանդակութեամբը. Իսրայէլ կը սպսասէ այս ուղղութեամբ Պաղեստինեան Իշխանութեան ներողութիւնը։ Իսկ ՝՝Իսրայէլի Սիմոն Վիզէնդալի՝՝անուան նացիներու հետապնդումի կեդրոնի տնօրէնը վերլուծումի կ'ենթարկէ Սրբազան Հօր Եատ Վաշհէմի մէջ(հրեաներու ողջակիզումի Յուշահամալիրը) արտասանած ճառը ,գրելով թէ ՝՝ Նորին Սրբութեան խօսքերը պատշաճ եւ ընդունելի էին,բայց թէ Քահանայապետը առիթէն օգտուելով կրնար այլ յառաջ քայլել մը առնել՝ դէպի հաշտութիւն՝՝։ Ապա կայ նաեւ երկար յօդուած մը սա խորագրով ՝՝Վատիկանի զարմանքը Պապին Եատ Վաշէմի մէջ արտասանած խօսքերուն եղած քննադատութեանց համար՝՝ ,յորում տեղ կը տրուի Ռատիօ Վատիկանի մեր ընդհանուր տնօրէն միաժամանակ Սուրբ Աթոռի բանբեր հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի կատարած մամլոյ ասուլիսին։ Նոյնպէս այս նիւթին կ՝անդրադառնայ Իսրայէլի այլ կարեւոր մէկ օրաթերթը ՝՝ՀԱԱՐԷԴԶ՝՝ վերնագրելով ՝՝ պատեհութեան մը զանցառումը՝՝, այս ամբողջ իրարանցումը անոր համար որ Պէնէտիկտոս ԺԶ իր ճառին մէջ չէ գործածած ՝՝Կը Ցաւիմ՝՝ բառը,հակառակ անոր որ Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ ընդգծեց թէ ՝՝Միշտ պէտք է վառ պահել Հրեաներու ապրած տառապանքի յիշատակը,երբէք պէտք չէ չմոռնալ եւ երբէք պէտք չէ թերագնահատել՝՝։ Այս ճառի կապակցութեամբ թերթի ներքին էջերուն մէջ տեղ կը տրուի Նիւ Եորքի Ռաբունապետ Արթուր Շընէիյէր-ի արտայայտութեանց որ կը պաշտպանէ Պէնէտիկտոս ԺԶ-ը,ըսելով թէ ՝՝ շատ սխալ է կեդրոնանալ միայն մէկ ճառի մը վրայ՝՝։ Այն ինչ կը հայի Արաբական Մամուլին,Արաբական Մամուլը բաւական նպաստաւոր դիրք ունի Սրբազան Հօր այցելութեան նկատմամբ։ ՝՝ԲԱԼԵՍԹԻՆ ԲՐԵՍ՝՝ կը կեդրոնանայ Նորին Սրբութեան յատկապէս Մզկիթներու Հրապարակը կատարած այցելութեան եւ կը գրէ որ ՝՝իսլամ կրօնապետերը որոնք կ'ընկերակցէին Պենետիկսո ԺԶին,խնդրեցին Քահանայապետէն թէ վերահաստատէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմական կեցուածքը Պաղստինեան Դատի մասին,ինչպէս որ երջանկայիշատակ ՅՊԲ.հաստատած էր Պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքը՝ազատութեան,անկախութեան ու գերիշխանութեան։ Իսկ ՝՝ԱԼ-ԱԵԵԱՄ՝՝ օրաթերթը կը վերահաստատէ լաւ յարաբերութիւնները ընդ մէջ քրիստոնեաներուն ու մահմէտականներուն,մէջբերլով Քահանայապետի ճառի այն նախադաստութիւնը ուր Նորին Սրբութիւնը կը վերահաստէ՝՝ շարունակութիւնը երկխօսութեան խաղաղութեան ու արդարութեան համար աշխարհի մէջ՝՝։ Միւս կողմէ այլ յօդուած մը կը պատմէ որ Երուսաղէմը կը նմանի գրաւուած քաղաքի մը, ապահովութեան արտակարգ միջոցառումներով ,եւ թէ 55 տարեկանէն վար քաղաքացիներու մուտքը արգիլուեցաւ Հին Քաղաքը։ Ապա ՝՝ԱԼ ԳՈՒՏՍ՝՝ արաբական ծանօթ թերթը կը գրէ որ Բեթղեհէմի մէջ Քահանայապետը պիտի հանդիպի Այիտայի Գաղթավայրի ապաստանեալներուն,թիւով 4.600 Պաղեստինցիներ.Այիտայի գաղթականները կուգան արաբական 48 գիւղերէն ,քանդուած Իսրայէլի կողմէ 1948ին,որոնք այս այցելութեան մէջ կը տեսնեն առիթը,պատեհութիւնը համայն աշխարհի ցոյց տալու բաժանումի Պատը կ՝առուցուած իսրայէլի կողմէ,որպէս նշանը՝ Ցեղապաշտ Քաղաքականութեան մը այդ հողաշերտի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.