2009-05-13 13:48:01

Էջ մը Հայ Գրականութենէն

57 – Մատթէոս Ուռհայեցի


Մատթէոս, իր վկայութեան համաձայն` ծնած է Եդեսիա, կամ Ուրֆա քաղաքը, որ այդ շրջանին կը կոչուէր Ուռհա եւ ուր բազմաթիւ Հայեր կ՛ապրէին, ոչ միայն միջին դարերուն այլ նաեւ քրիստոնէութեան առաջին դարերուն։ Թէեւ Եդեսիան ասորական քաղաք էր, սակայն անոր թագաւորները, որ Աբգար անունը կը կրէին, շատ մօտ էին Հայերուն եւ հայկական աւանդութիւնները կը խառնուէին յաճախ ասորական աւանդութիւններուն հետ։

Իր ծննդեան թուականը ծանօթ չէ մեզի, բայց հաւանաբար 11-րդ դարու կէսերուն ծնած ըլլայ։ Ան եղած է վանական, որով ինքզինք կը կոչէ Վաներէց, թէեւ որոշ չէ թէ որ վանքի աբբահայրը եղած ըլլայ։ Գրած է Ժամանակագրութիւն մը, որ կ՛ընգրկէ 952-էն մինչեւ 1137 շրջանը. Անշուշտ վերջին դէպքերուն ալ ականատես եղած է։ Շրջան մըն ալ ապրած Քեսունի մէջ, որ Պոտուէն լատին կոմսին իշխանութեան տակ կը գտնուէր։

Ան կը յիշատակէ թէ իր պատմութիւնը գրելու համար դիմած է ականջալուր աւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ իրմէ առաջ եղած զանազան պատմագրութիւններու։ Սակայն չի յիշեր թէ ով են իր աղբիւրները. Տրուած ըլլալով որ ժամանակակից հայ պատմիչներ չկան, հաւանաբար օգտուած ըլլայ յոյն եւ ասորի պատմիչներէ։ Սակայն օտար պատմիչներու հետ նաեւ շատ նմանութիւններ չունի Մատթէոսի գրութիւնը։

Ինչ որ յայտնի է սակայն այն է թէ Ուռհայեցին օգտուած է թագաւորական դիւաններէ, որովհետեւ կը հաղորդէ կարգ մը արժէքաւոր նամակներ, ինչպէս Յովհաննէս Չմշկիկ կայսեր Աշոտ թագաւորին գրած նամակը, կամ Գագիկ Բ. Թագաւորի Սուրբ Սոփիա եկեղեցւոյ մէջ խօսած ճառը, որոնք կը գտնուին միայն իր մօտ։

Մատթէոս մեռած է խոր ծերութեան մէջ, 1144-ին, այն տարին երբ Հալէպի Զանգի սելճուք ամիրան գրաւեց ու կործանեց Եդեսիան։ Հաւանաբար զոհ գացած ըլլայ այն մեծ ջարդին զոր Ուռֆայի մէջ կատարեցին սելճուք զինուորները։

Ուսումնասիրելով իր Ժամանակագրութիւնը որ իր միակ գրուածքն է, կը տեսնենք թէ ան կը բաժնուի երեք մասերու։ Առաջինը` որ կ՛երթայ 952-1051, ուր իբր աղբիւր ունեցած է Յակոբ Սանահնեցին. Երկրորդը` 1052-1101 շրջանը կ՛ընդգրկէ, ականատեսի վկայութեամբ. Ի վերջոյ երրորդ մասը` 1102-1037, ամէնէն արժէքաւորն է պատմութեան համար. Այս բաժինը շարադրած է տասը տարուայ ընդմիջումէ մը յետոյ։ Թէեւ Եդեսիոյ քաղաքացի, սակայն խորապէս հայրենասէր է Մատթէոս եւ օտարականներու դէմ յաճախ կը թափէ իր զայրոյթը, ըլլան անոնք սելճուք թէ արաբ, յոյն թէ լատին։ Անոնք բոլորն ալ օտար նուաճողներ են, որոնց դէմ հայ ազգը պէտք է պայքարի։ Կու տայ նաեւ մանրամասնութիններ, որոնք շատ հետաքրքրական են, մանաւանդ Հայերու եւ Խաչակիրներու միջեւ փոխ յարաբերութիւններու վերաբերեալ։

Մասնաւոր կերպով կը դատապարտէ Բիւզանդիոնի կայսրերու հայակործան քաղաքականութիւնը. Բայց կարծր է նաեւ այն հայ իշխաններուն դէմ, որոնք լքելով իրենց աւանդութիւններն ու լեզուն, տակաւ առ տակաւ կ՛օտարանային։ Կ՛ափսոսայ մանաւանդ թէ ինչպէս Գագիկ Բ., Բագրատունեաց վերջին թագաւորը, հակառակ իր քաջասրտութեան եւ գիտութեան, իր իշխաններուն կողմէ կը մատնուի եւ իր կեանքը կ՛աւարտէ աքսորի մէջ։ Թէեւ ոճն ու լեզուն շատ փայլուն չեն, սակայն իր վառ հայրենասիրութեամբ, Մատթէոս պանծալի էջեր տուած է հայ գրականութեան։

Իր ժամանակագրութեան բնագիրը առաջին անգամ հրատարակուած է 1869-ին, Երուսաղէմի մէջ. իսկ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր արդէն 1858-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.