2009-05-12 14:03:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Սուրբ Երկիր Մայիս 8-15
Ուխտագնացութեան 5-րդ օրը.

Հանդիպումներ հրեայ եւ մահմետական իշխանութիւններուն հետ։


Երեքշաբթի 12 Մայիս 2009, իր ուխտագնացութեան 5-րդ օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 9-ին այցելեց Երուսաղէմի մզկիթին հրապարակը ու ժայռի մզկիթը։ ‘’Ժայռի մզկիթը’’ իսլամ կրօնքին համար կարեւորութեամբ’ երրորդն է Մեքէէն եւ Մէտինէէն ետք։ Տասը տարիէ ի վեր հոն մուտքը արգիլուած է ոչ մահմետականներուն համար։ Սակայն մզկիթներու հրապարակը, որ կը ներկայացնէ վեցերորդը հին Երուսաղէմ քաղաքին, ՜՜սուրբ՝՝ նկատուած է ՜՜միաստուածեան երեք կրօններուն՝՝։ Ժայռի մզկիթին մուտքին Նորին Սրբութիւնը ընդունուեցաւ Երուսաղէմի աւագ մուֆթիին կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ ՜՜Ուաքֆի` իսլամական ինչքերու խորհուրդի՝՝ նախագահին կողմէ։ Նորին սրբութիւնը իր ուղղած ճառին մէջ հրաւիրեց ներկաները հաւատարիմ մնալու Միակ Աստուծոյ, այս հաւատարմութիւնը ( ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ ) մեզ կը մղէ ճանչնալու՝ թէ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ արարածներ են եւ ունին միեւնոյն վախճանը։ Միակ Աստուծոյ երկրպագուները կանչուած են գործելու եւ ընթանալու մարդկային ազգի միութեան ի խնդիր։ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը փափաքի համագործակցիլ այլ կրօններու հետ , ի խնդիր մարդկային ազգի միութեան. որպէս Հռոմի եպիսկոպոս եւ զաւակ Աբրահամի ( ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ) կ'ուզեմ երաշխաւորել Եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը մարդկային ընտանիքին բարօրութեան համար։

Ապա Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կատարեց ՜՜ողբի՝ կամ աղօթքի պատը՝՝ ներկայութեամբ՝ Իսրայէլի աւագ ռաբունապետերուն։ Պատին առջեւ, նախ ռաբունապետը ՜՜սաղմոս՝՝ կարդաց, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը լատիներէն լեզուով այլ սաղմոս մը արտասանեց եւ հուսկ լռելեայն աղօթք կատարեց։ ՜՜Հեշալ Շլոմօ՝՝ կեդրոնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ Իսրայէլի երկու ռաբունապետերու հետ։ Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը բաղձանք յայտնեց որ ամրապնդուի բարեկամութեան կապը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Աւագ Ռաբունապետութեան միջեւ, ընդգծելով կարեւորութիւնը երկխօսութեան ու համագործակցութեան հրեաներու ու կաթողիկէներու միջեւ սատարելու ժամանակակից ընկերութեան պահանջքներուն։ Հուսկ Սրբազան Հայրը ընդգծեց վստահութեան հարկաւորութիւնը ՜՜արդիւնաբեր երկխօսութեան՝՝ համար։ Կաթողիկէ Եկեղեցին անվերապահօրէն կ'աշխատի քրիստոնեաներու եւ հրեաներու վերջնական հաշտութեան ի խնդիր։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ արժէքաւորել հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միացեալ հոգեւոր ժառանագութիւնը Ս. Գրային ու աստուածաբանութեան գետնի վրայ ինչպէս նաեւ եղբայրական երկխօսութեան ճամբով։

Մահմետական ու հրեայ կրօնապետերու հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Սրբազան Քահանայապետը գնաց վերնատուն ուր Յիսուս վերջին ընթրիքը կատարեց առաքեալներուն հետ, եւ հոն ուր Յիսուսի աշակերտները յաճախ կ'ապաստանէին հալածանքի ժամանակ։ Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը ֆրանչիսքեան հայրերու հետ աղօթեց ''Ողջ լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը եւ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց յիշեցնելով թէ այստեղ՝ այս վայրին մէջ Յիսուս հաստատեց Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը՝ ՜՜ խորհուրդը շնորհքի ու փրկութեան՝՝ որ կարելի է ամփոփել ՜՜սիրոյ՝՝ բառով։ Ս. հաղորդութեան խորհուրդին մասնակցելով մենք կ'ապրինք աստուածային սիրոյ խորհուրդը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց խօսելով Ս. Երկրի քրիստոնեայ հասարակութեան դերին մասին, եւ խրախուսեց քրիստոնեայ հասարակութիւնները միութեան մէջ ապրելու որպէսզի դառնան ընկերութեան մէջ, ՜՜վկաները եւ կերտիչները խաղաղութեան՝՝։ Նոյնպէս քաջալերեց զանոնք կառչած մնալու այս հողին ու չհեռանալու եւ միաժանաակ աշխարհի քրիստոնեաներէն խնդրեց որ օգնութեան հասնին Ս. Երկրի բնակիչներուն։



Կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը Ճաշեց առաքելական նուիրատան մէջ տեղւոյն եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ։ Յետ միջօրէին ժամը 3.30ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմ հաստատուած 9 հիւպատոսներուն հետ։



Ապա Ժոզաֆադ ձորը բացօդեայ պատարագ մատուցեց 6 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Իսրայէլի երկրորդ օրուայ այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը քաշուեցաւ Երուսաղէմի առաքելական նուիրատուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.