2009-05-11 13:01:50

Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ

Ս. Աստուածածին վտանգներու մէջ հողմակոծեալ ենք, եղիր մեզի օգնական։


Մայիս ամսուայ մարեմեան խոկումներ

Ս. Աստուածածին վտանգներու մէջ հողմակոծեալ ենք, եղիր մեզի օգնական։

Երբ կը յորդին տագնապները կեանքին,

Երբ մահը վաղահաս կը մղէ ընդվիզում,

Դուն կը հասկնաս Մարիամ, Այրիդ,

Տեսար մահը Որդիիդ մէկ հատիկ։



Երբ կը ճնշէ առանձնութիւնը`

շաղուած լքումով եւ արհամարանքով,

Երբ դառն է մատնութիւնը,

Դուն կը հասկնաս Մարիամ, դուն տեսար

Փախուստը Որդիիդ բարեկամներուն։



Երբ կը կորսնցնենք ճաշակն աղօթքի,

Երբ կը հիւծի խանդը ծառայելու,

Երբ կը շիջանի ճրագը յոյսի,

Դուն կը հասկնաս Մարիամ,

Բախեցար լռութեանը Որդիիդ դամբանին։



Երբ կը ճնշեն զանցառութիւնները,

Երբ սիրտն ալ պէտք է դատապարտէ,

Երբ կը ծաւալի վհատութիւնը,

Դուն կը հասկնաս Մարիամ,

Քեզմով տրուեցաւ գինին ուրախութեան։



Երբ անձկութիւնը կ'անցնի

Ընտանիքներու վրայէն,

Երբ այնքան կարիքները կը մնան անլոյծ,

երբ թշուարութիւնը կը մնայ դարանալ,

դուն կը հասկնաս Մարիամ,

Մէկ հատիկդ դրիր մսուրին մէջ։



Երբ անիրաւութիւնը կը վերաւորէ,

Դուն կը հասկնաս Մարիամ, դուն տեսար

տէգով խոցուած սիրտը կենարարին։



Դուն կը հասկնաս, Մարիամ,

Դուն մայրն ես եօթը խօցերու,

Անհամար խոցերուն` միամիտ սրտերուն։

Երբ չենք համարձակիր դիմել Տիրոջ,

Սակայն կ'աղաղակենք դէպի քեզ,

որովհետեւ Մայր ես,

Դուն փութացիր օգնութեան

Վտանգներու մէջ երբ հողմակոծեալ ենք,

միայն հովանիդ է ապաւէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.