Համագաղութային տարողութեամբ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 94-ամեակի ոգեկոչումը Դամասկոսի
մէջ։
Սուրիա -Կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի, Համազգայինի, ՀԿՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի յառաջացուցած միացեալ
յանձնախումբին, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած յուշակոթողին
առջեւ տեղի ունեցաւ Հսկումի երեկոյ մը։ Տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ կատարուած ձեռնարկը ներկաներուն
յաջողեցաւ փոխանցել պահանջատիրութեան ու որպէս հայ գոյատեւելու կարեւոր պատգամները։ Մասնակցող
միութիւններու անդամները ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը մինչ մեծ պաստառներու
վրայ կը կատարուէր սահիկներու ցուցադրութիւն։ Ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող
Ամերիկահայ գրագէտ Յակոբ Ասատուրեանի վկայութիւնը մեծ եղեռնի օրերուն մասին ։ Համազգայինի
անդամ երիտասարդուհիներ կատարեցին կենդանի պատկեր, նոյնպէս լսելի դարձան այլ ասմունքներ
եւ նուագներ։ Հսկումի երեկոյի վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ Քնար երգչախումբը, ապա Դամասկոսի
հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ՝ գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանի փակման խօսքով
ու Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ձեռնարկը։ Ապա ներկայ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ՝
Հայ երեք համայնքապետերու ու Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին ուղղուեցան ազգային
գերեզմանատուն, առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբի ու Հայ Կաթողիկէ Միութեան պատանիներուն,
ուր նահատակաց յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա իր պատգամը
փոխանցեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Արմաշ եպս. Նալպանտեան։
Կէսօրէ
ետք, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, գերապատիւ Հ. Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան մատոյց
Ս Պատարագ Հայ ազգի նահատակներու դիտաւորութեան համար, որուն աւարտին ներկաները առաջնորդութեամբ
ՀԿՄ-ի շեփորախումբին ուղղուեցան դէպի Նահատակաց յուշակոթող ուր կատարուեցաւ հանգստեան
պաշտօն Ապա Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, կազմակերպութեամբ՝
միջ-համայնքային ու միութենական միացեալ յանձնախումբին ։
Ոգեկոչման բացման խօսքը
կատարեց Գերաշնորհ Արմաշ եպս Նալպանտեանը, նշելով որ անցեալով ապրիլը հետամնացութիւն
է Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեզի համար անցեալ է սակայն անցած չէ եւ մենք այսօր չենք կրնար
ծրագրել մեր ազգային կեանքը, Մայր հայրենիքի ծաղկումը ու մեր սփիւռքահայ իրավիճակը կազմակերպել
եթէ միշտ ի մտի չունենանք այդ ահաւոր որճրագործութիւնը որուն զոհ գացինք . եւ պէտք չէ
առիթ ընծայել որ այդ շարունակուի այսօր։ Սրբազանը աւելցուց թէ Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ
միայն միլիոն ու կէս անմեղ զոհերն էին, այլ շատ աւելին, քանի մենք կորսնցուցինք մեր
մշակութային հարստութիւնները ու ստեղծած դարաւոր քաղաքակրթութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութեան
100 ամեակի սեմին շեշտեց սրբազանը, հրամայական է որ ըլլանք ցեղաճանաչ, ազգաճանաչ եւ մանաւանդ
Յուշահանդէսի վերջին բաժնով, ելոյթ ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Միութեան Քնար երգախումբը Շանթ
Քէշիշեանի խմբավարութեամբ ու Առնօ Քէշիշեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ներկայացնելով,
Վանի կոտորածը եւ Կարնոյ շարժումը, Ատանայի ողբը եւ Երգ պահանջատիրութեան ստեղծագործութիւնները։
Փակման խօսքը կատարեց Արհիապատիւ Յովսէփ եպս Առնաութեանը, հաստատելով բանախօսին այն միտքը
թէ այսօր հայ ազգը պէտք ունի զարթօնքի, պէտք ունի միասնականութեան, հասնելու մեր դատի
արդար լուծման։ Երեկոն վերջ գտաւ երգչախումբի Մայր Հայրենիքի օրհներգի կատարմամբ։