2009-05-10 13:33:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուխտագնացութիւնը Ս. Երկիր մայիս 8-15։


ճամբորդութեան երրորդ օրը` 10 Մայիս 2009, բացօդեայ պատարագ մայրաքաղաքի մարզադաշտին մէջ, ապա Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը։ Իսկ յետմիջօրէին Յորդանանի գետին մօտ, լատին եւ յոյն մելքիթ երկու եկեղեցիներու առաջին քարերու օրհնութիւն։



Կիրակի 10 Մայիս 2009, առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր առաջին հրապարակային պատարագը մատոյց Ամմանի մարզադաշտին մէջ, աւելի քան 30 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին Արեւելքի պատրիարքները եւ Միջին Արեւելքէն եկած՝ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ։ Յայտնենք ներկայութիւնը՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատարիարքին եւ մասնակցութիւնը արարողութեանց, ինչպէս նաեւ գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանի` վիճակաւորը Ս. Երկրի կաթողիկէ հայոց։

Պատարագին ներկայ եղաւ իշխան Ղազի Պըն Մուհամմատ Պըն Թալալ, որպէս ներկայացուցիչը Ապտալլահ Բ. արքային։

Տիեզերական աղօթքի ընթացքին, մասնակցեցաւ նաեւ հայ պարմանուհի մը որ հայերէնով իր պաղատանքը բարձրացուց առ Աստուած։

Ս. հաղորդութեան բաշխումին ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը առաջին հաղորդութիւնը տուաւ Յորդանանցի փոքրերուն։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց երկրի իշխանութիւնները, իրենց ներկայութեան համար. ապա ըսաւ. ՜՜ Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ուխտաւորը Մովսէսի, Եղիա մարգարէի, Յովհաննէս Կարապետի... Այս հողին վրայ իրականացան Աստուծոյ խոստումները մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Գալուստով։ Այս երկիրը վկայ է. Յիսուսի քարոզութեան, Ս. Հոգւոյն Գալստեան Եկեղեցւոյ վրայ եւ խորհուրդը` հաշտուած ու բարենորոգուած մարդկութեան՝՝։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց. ''Ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս վկայ Յարուցեալ Փրկչին եւ ձեզ հաստատելու՝ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մէջ ։ Գիտակից եմ թէ՝ Ս. Երկրի քրիստոնեաները դժուար կացութեան մէջ կը գտնուին, դուք սակայն կը ներկայացնէք քրիստոնէութեան ժառանգութիւնը''։

Ապա Սրբազան Հայրը խնդրեց աղօթել՝ քահանայական կոչումներու համար, ինչպէս նաեւ ընտանիքի սրբութեան համար։ Յայտնենք թէ Ս. Երկրին մէջ 2009 տարին նուիրուած է ընտանիքի սրբութեան. որպէս խորհուրդը սիրոյ ու կեանքի։ Հետեւաբար Սրբազան Հայրը խրախուսեց ընտանիքները ըլլալու՝ ՜՜Աղօթքի ու դաստիարակութեան դպրոց, եւ միշտ պատրաստ` ուրիշներուն օգնութեան հասնելու եւ կերտելու ընկերութիւն մը աւելի արդար եւ աւելի եղբայրասէր՝՝։

Հուսկ Հռոմի Պապը ընդգծելէ ետք կնոջ արժանաւորութիւնը, կնոջ կոչումը եւ առաքելութիւնը կերտելու խաղաղութիւնը ու մարդկային արժանաւորութիւնը, քաջալերեց Ս. Երկրի քրիստոնեաները արիութեամբ հետեւելու Քրիստոսին եւ հաստատ մնալու հաւատքին մէջ ու վառ պահելու քրիստոնէութեան ներկայութիւնը այս հողին վրայ։ ''Հաւատարիմ եղէք Աւետարանին,ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, հաւատարիմ եղէք Եկեղեցւոյ, զօրավիգ եղէք կարօտեալներուն, գաղթականներուն եւ մարդկային ողբերգութիւններու զոհերուն։ Կարող եղէք կառուցել կամուրջներ խաղաղութիւնը հաստատելու՝ ժողովուրդներու միջեւ ու տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ''։

Պատարագին աւարտին Նորին սրբութիւնը ''Ողջ Լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը արտասանեց։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ. ''Սիրեցեալ բարեկամներ, պատարագին ընթացքին խօսեցայ կիներու մարգարէական կոչումին մասին, որպէս բանբերները սիրոյ, տիպարները գթութեան ու կերտիչները խաղաղութեան ։ Ս. Կոյս Մարիամ` գերագոյն պատկերն է կնոջական առաքինութիւններուն։ Մինչ հիմա իրեն կը դիմենք, հայցենք իր մայրական բարեխօսութիւնը այս հողի բոլոր ընտանիքներուն համար, որպէսզի անոնք իրապէս դառնան դպրոցը՝ ՜՜աղօթքի ու սիրոյ՝՝։ ՜՜Եկեղեցւոյ Մայր՝՝էն խնդրենք որ գթութեան ակնարկով դիտէ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաները, որպէսզի անոնք եւս իրենց կարգին դառնան ՜՜վկաները Աւետարանին՝՝։ Ան` որ վեհանձնութեամբ համապատասխնեց Աստուծոյ հրաւէրին, թող այնպէս ընէ որ ՜՜այս հողի նոր սերունդը քաջութեամբ ապրի իր հաւատքը ու կատարէ Աստուծոյ կամքը՝՝։

Սրբազան Հայրը, ծիսակատարութիւնը եզրափակեց, իր առաքելական օրհնութիւնը տալով բոլոր ներկաներուն։

Յետ միջօրէին ժամը 5.30 Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի Յորդանան Գետը ուր պիտի օրհնէ Լատին եւ Մելքիթ Յոյն եկեղեցիներու շինութեան առաջին քարերը։ Իսկ վաղը Երկուշաբթի 11 Մայիս 2009-ին ողջերթի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը պիտի մեկնի Իսրայէլ ուր սկիզբ կ՝առնէ իր ուխտագնացութեան երկրորդ հանգրուանը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Ամմանի մամուլը։



Այսօր եւս Ամմանի մամուլը լայնօրէն կ'անդադառնայ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութեան։ Բոլոր օրաթերթերը զանազան էջեր յատկացուցած են ու խնամած՝ նկարները։

Ընդհանրապէս օրաթերթերը, լայնօրէն մէջբերած են իշխան Ղազիի ճառը եւ Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը։



՜՜Ալ Ղատ՝՝ ազգային օրաթերթը կը վերնագրէ ՜՜Հռոմի Պապը կը հանդիպի իսլամ կրօնապետերու հետ, կ'այցելէ Նէպօ լեռը եւ կաթողիկէ Մատապա համալսարրանի առաջին քարը կը զետեղէ՝՝։ Ղազի իշխանը կ'ըսէ. ՜՜Հռոմի Պապի այցելութիւնը մզկիթ կը դրսեւորէ կարեւորութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը կրօններու միջեւ՝՝։ Ապա օրաթերթի յաջորդ էջերուն մէջ կը կարդանք.

- Կարգ մը գաղափարախօսութիւններ շահագործելով կրօնքը, յաճախ քաղաքական պատճառներէ դրդուած՝ մղած են մարդիկը ՜՜բաժանումի եւ ընդհարումի՝՝։

- Մոհամմէտի սխալ պատկերացումը՝ պատճառ դարձած է ՜՜քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու պատմական լարուածութիւններու՝՝։

- Հռոմի պապը կը շեշտէ կարեւորութիւնը՝ ՜՜կրօնական համակեցութեան՝՝։



Սրբազան Քահանայապետին ընկերացող լրագրողները, իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են ՜՜կառավարութեան կազմակերպութեան եւ ընծայած դիւրութիւններուն համար՝՝։

՜՜Ալ արապ ալ եաում՝՝ օրաթերթը կը մէջբերէ Սրբազան Քահանայապետին կոչը միջազգային հասարակութեան, պաշտպանելու՝ ՜՜Իրաքի քրիստոնեաները՝՝։ ՜՜Մատապա քաղաքի քրիստոնեաներն ու մահմետականները միասին ողջունեցին մեծ Հիւրը։ Նէպօ լեռնէն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եղբայրակցութեան կը հրաւիրէ քրիստոնեաներն ու մահմետականները՝՝։

՜՜Ատ տասդուր՝՝ օրաթերթը կը ջատագովէ Յորդանանը , ՜՜Յորդանանը օրինակ է եւ տիպար՝ կրօններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան ի նպաստ իր տարած աշխատանքին համար՝՝։

Խօսելով՝ Մատապայի համալսարանի առաջին քարի օրհնութեան մասին յօդուածագիրը կը մէջբերէ Հռոմի Պապի խօսքը` ՜՜համալսարանը վայրն է հանդիպումի ու երկխօսութեան շրջանի ժողովուրդներու համար՝՝։ Օրաթերթը կը մատնանշէ թէ համալսարանի ճարտարապետը մահմետական է։ Այլ յօդուած մը, կը մէջբերէ Վատիկանի բանբեր` Յիսուսեան հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի խօսքը. ՜՜Յորդանանը Արեւելքի առաջնահերթ դերը կը կատարէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար՝՝։ ՜՜Յորդանանը համակեցութեան երկիր է՝՝ ։ Յօդուածագիրը կ'ընդծէ թէ ՜՜Հռոմի Պապի ներկայութիւնը Ամման, քաղաքական չէ այլ առիթ մը ճանչցնելու մահմետականութեան հանդրժող դիմագիծը՝՝։ Հռոմի Պապը թագաւորին հիւրն է։



՜՜Ալ Ռաայի՝՝ օրաթերթը կը մատնանշէ թէ ՜՜Քահանայապետին այցելութիւնը Ամման կը մարմնացնէ հասկացողութեան ոգին քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ. Յորդանանի մեծ դերը միջկրօնական երկխօսութեան մէջ։ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը մեր մէջ ապացոյց մըն է իր տարած աշխատանքին, ջնջելու՝ անարդարութիւնը հանդէպ հարստահարեալներուն, յարգանքը՝ անհատին արժանաւորութեան եւ մասնաւորապէս մատնանշելով պաղեստինեան ժողովուրդին տառապանքը եւ պետութիւն ունենալու անոր իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.