2009-05-10 13:39:30

Լուրեր Հայ Աշխարհէն

Երեւան-


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախագահած է Հայաստանի Կանանց հարցերու խորհուրդի նիստին: Մասնակիցները ունկնդրած եւ վաւերացուցած են աշխատանքի փոխնախարար Ֆիլարետ Բերիկեանի ներկայացուցած հաշուետուութիւնը՝ Հայաստանի մէջ կանանց վիճակի բարելաւման եւ անոնց դերի բարձրացման ծրագրի կատարման մասին:  Փոխնախարար Ֆ. Բերիկեան շեշտած է, թէ 2008ին իրականացած միջոցառումները ծառայած են յատկապէս կանանց եւ այրմարդոց իրաւահաւասարութեան օրէնսդրութեան կատարելագործման, կանանց ընկերային ապահովութեան, անոնց առողջապահական խնդիրներու բարելաւման, կրթական բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութեան երեւոյթի կանխարգելման: Ան թուեց այն նախարարութիւնները եւ հաստատութիւնները, ուր կատարուած են նշեալ բարեփոխումները, ինչպէս՝ աշխատանքային եւ ընկերային հարցերու, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններ, Հայաստանի ոստիկանութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը:





՜Տը Փոզիթիվ Եու՝՝ հատորի լոյս ընծայման առիթով շնորահանդէս

հեղինակ՝ Անիթա Թորոսեան Փափասի

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու գրասենեակի համալսարանին ու սոյն համալսարանի , հանդիսասրահին մէջ 7 մայիսի 2009-ին, տեղի ունեցաւ Անիթա Տէր Թորոսեան-Փափասի ՜՜Տը Փոզիթիվ Եու՝՝ գիրքին շնորհահանդէսը։

Բացման խօսքին մէջ Միրա Եարտըմեան ըսաւ ՜՜ մարդիկը կեանքին մէջ բաժնուած են երկու հիմնական խումբերու՝ լաւատեսներ ու յոռետեսներ, որոնք միեւնոյն դէպքին տեղի ունեցած ատեն շատ տարբեր աշխարհներու մէջ կըլլան եւ հակասական հոգեվիճակներ կապրին։ Ան դրական նկատեց այն, որ լաւատեսութիւնը կարելի է սորվիլ եւ այդ ուղիով քալել՝ ինքնազարգացումով եւ ինքնավարժեցումով՝՝ Եարտըմեան դիտել տուաւ, թէ ՜՜ա՛յս մասին է որ գրած է Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ, հոգեբան Անիթա Տէր Թորոսեան-Փափաս՝ իր անդրանիկ գիրքին՝ Տը Փոզիթիվ Եու՝ին մէջ՝՝ նշելով որ ՜՜ այս գիրքը հարուստ միտքերով եւ կեանքէն քաղուած փորձառութիւններով՝ կառաջնորդէ ընթերցողը, եւ կը սորվեցնէ անոր յառաջանալ եւ ընթանալ այն հաւատքով, որ ամէն բան լաւ է եւ լաւ պիտի ըլլայ՝՝։

Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ Անիթա Տէր Թորոսեան-Փափաս,իր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայկազեան համալսարանին եւ իր դասախօսներուն, որոնք ներդրում ունեցած են ո՛չ միայն իր ուսանողական տարիներուն, այլ նաեւ իր կեանքին մէջ , դիտել տուաւ, որ ՜՜մարդ պէտք է միշտ ինքնաբացայայտման, իր կարողութիւններուն գիտակցելու, իր զգացումներուն եւ միտքերուն հետ հաշտ ըլլալու ընթացքին մէջ ըլլայ, որպէսզի կարենայ դրական կերպով մօտենալ նախ ինքնիրեն, ապա կեանքին ու շրջապատին, որուն համար կրնայ նաեւ դրական օրինակ ծառայել՝՝։

Տը Փոզիթիվ Եու գիրքին հեղինակը նաեւ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը՝ կանգ առնելով իւրաքանչիւր գլխուն վրայ եւ հոն գոյութիւն ունեցող միտքերն ու թելադրանքները փոխանցելով ներկաներուն։ Գիրքը կը բաղկանայ 7 գլուխէ՝ ՜՜Սիրէ՛ դուն քեզ, Դուն քու լաւագոյնդ եղի՛ր, Միտքդ աշխարհդ է, Ապրէ՛ ներկադ, Յառաջ գնա՛, Յիշէ՛ կեանքին սահմանափակ ըլլալը, Պատուէ՛ դուն քեզ , եւ Պատուէ՛բոլոր շնչող էակները։ Ա Փափասի համաձայն, մարդ ատակ է իր կամքով իր կեանքը դրախտի վերածելու՝ հետեւելով աւելի լաւ կեանք մը ունենալու հիմնական սկզբունքներուն, որոնց կարգին շեշտը դրաւ ուրիշներուն հետ բաղդատութիւն չընելու, ժխտական տրամադրութիւններէ հեռու մնալու, ինքզինք կատարելագործելու գծով լուրջ աշխատանք տանելու, կեանքի իւրաքանչիւր պահ ճիշդ տուեալ պահուն վայելելու, առօրեայի իւրաքանչիւր վայրկեան իր իսկութեան մէջ ապրելու եւ երեւոյթները դրական դիտելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան հաստատեց, որ մարդու միտքը իր աշխարհն է եւ անոր միջոցով մարդ կը տեսնէ աշխարհը, ուստի ան դիտել տուաւ, թէ պէտք է մտածել այնպիսի ձեւով, որ յուսախաբութիւնները չխեղդեն մարդը, այլ ան կարենայ յառաջ երթալ, դժուարութիւնները շրջանցել եւ իր փորձառութիւններէն դասեր քաղելով կրկին ոտքի կանգնիլ եւ շարունակել ուղին։ Ա Փափաս նշեց, որ երբեք ուշ չէ երազ ունենալու, ինչպէս նաեւ մարդ պէտք է գիտակցի, որ կեանքը սահմանափակ է եւ ան պէտք է ապրի ու օգտուի իւրաքանչիւր վայրկեանէ։

Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ կեանքի ինքնաբացայայտումը ուղեւորութիւն մըն է, որուն ընթացքին մարդ պէտք է ինքն իր լաւագոյն բարեկամը ըլլայ, այլապէս կը վերածուի իր անձին թշնամիին։ Հուսկ հեղինակը մակագրեց գիրքերը։







  







 








All the contents on this site are copyrighted ©.