2009-05-09 14:02:21

Կը Գրեն Յորդանանեան Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Ամման Այցելութեան Առթիւ։


Ինչ Կը Գրեն Յորդանանեան Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Ամման Այցելութեան Առթիւ։

Յորդանեան թերթերը լայնօրէն կ՝անդրադառնան Սրբազան Հօր այցելութեան յատկապէս ժամանակագրական յօդուածներով եւ նուազ մեկնաբանութիւններով։ ՝՝ԷՏՏՈՒՍԹՈՒՐ՝՝ թերթը իր առաջին էջի վրայ դրած է Նորին Սրբութեան Ամման-ի օդակայանը ժամանումի նկարը մինչ կը քալէ Թագւորին ու Թագուհիին ընկերակցութեամբ, եւ մեծադիր տառերով խօսքը թագաւորին ՝՝ Պէտքէ դնենք հիմերը միջազգային նոր երկխօսութեան մը որ ընդունի մեր կրօնական ինքնութեան մասնայատկութիւնները՝՝.Թերթը միաժամանակ տեղ կուտայ քաղաքական հարցերուն,խաղաղութեան եւ իսրայէլ-պաղեստին բանակցութիւններուն Երուսաղէմի հայող,ինչպէս նաեւ կը մէջբերէ Սրբազան Քահանայպետի սա խօսքը ՝՝Իմ այցելութիւնը Յորդանան պատեհութիւն մըն է ցոյց տալու իմ խորին յարգանքը մահմէտականներու նկատմամբ եւ ի յայտ բերել Թագաւորին դրական գործառնութիւնը՝՝։



Իսկ ՝՝Լա Գրուա՝՝ թերթը կը վերնագրէ ՝՝ Յորդանանը միջ-կրօնական երկխօսութեան օրինակ մըն է եւ Միջին Արեւելքի առաւել կայուն երկիրը՝՝. Ապա երրորդ էջին մէջ օրաթերթը կ'անդրադառնայ Սրբազան Հօր ՝՝Ռէճինա Բաչիս՝՝ անուան անկարներու կեդրոնը կատարած այցելութեան ուր ան ըսաւ ՝՝ Եկած եմ, բերելով թանկագին նուէր մը որ Աղօթքն է՝ խաղաղութեան ու միութեան համար՝՝։ Ապա կայ յօդուած մը որ կը հայի Յորդանանի կաթողիկէ Եկեղեցւող բանբեր Հայր Ռըֆաթ Պատէր-ի մամլոյ ասուլիսին,որը արտայայտած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ գոհունակութիւնը Պապին ցոյց տրուած հիւրընկալութեան համար։ Միւս կողմէ թերթը կը մէջբերէ նաեւ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակի սա խօսքը ՝՝ Քահանայապետի այցելութիւնը ցոյց կուտայ կրօնական ու պատմական տեսակէտէ Յորդանանի կարեւորութիւնը եւ թէ Վատիկանի համար շատ կարեւոր է որ խաղաղութիւնը հաստատուի այս վայրէն ներս՝՝։



Այլ օրաթերթ մը ՝՝ԷԼՂԷՏ՝՝ իր առաջին էջի վրայ կը դնէ Սրբազան Հօր լուսանկարը Արքայական Ամոլի հետ միասին,մինչ կը բարեւէ Սուրբ Երկրի Եպիսկոպոսները ու Պատրիարքները Ամմանի Օդակայանը։ Թերթին վերնագիրը Քահանայապետի սա խօսքն է ՝՝ Ամմանի նամակը(Նորին Սրբութիւնը կ՝ակնարկէ Իշխան Կազի Պին Թալալ-ի գրած նամակին Քահանայապետին,138 Ուլէմաներու եւ Քրիստոնեայ Կրօնապետերուն աշխարհի խաղաղութեան համար) պտղաբեր եղաւ բարւոքելու հասկացողութիւնը երկու աշխարհներու միջեւ,արեւմուտքի ու իսլամ աշխարհի միջեւ՝՝. Ապա թերթը տեղ կուտայ նաեւ Թագաւորի սա խօսքին թէ ՝՝ Մեր յոյսը կը դնենք այն երկխօսութեան վրայ որ ընդունի մեր կրօնական ինքնութեան մասնայատկութիւնները եւ թէ չվախնայ ճշմարտութեան լոյսէն ՝՝։

Իսկ ՝՝ԱԼ ԱՐԱՊ ԱԼԵԱՈՒՄ՝՝ թերթը իր առաջին էջը յատկացնելով Քահանայապետի վերապահուած պաշտօնական ընդունելութեան, կը մէջբերէ Թագաւորին այն արտայայտութիւնը յորում Արքան ՝՝կը հրաւիրէ հաւատացեալները մէկդի թողելու այն խօսքերը որոնք կուզեն բաժանումներ ստեղծել՝՝. Պէնէտիկտոս ԺԶ.կը գրէ ՝՝ԱԼ ԱՐԱՊ ԱԼԵԱՈՒՄ՝՝ թերթը հաստատեց իր յարգանքը Մահմէտականներու նկատմամբ.Միւս կողմէ Թագաւորը հաստատեց Պաղեստինցիներու իրաւունքը Պետութիւն մը ունենալու,եւ թէ ՝՝պէտք է պահպանուի Երուսաղէմի ինքնութիւնը՝՝։

Հուսկ ՝՝ԱԼ ՌԱՅԻ՝՝ թերթը նոյնպէս իր առաջին էջի վրայ դնելով Քահանայապետի ժամանումի լուսանկարները ,ներքին էջէրէն մէկուն մէջ տեղ կուտայ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի հանդիպումը Հիւսսէյին Թագաւորին հետ ( նաեւ լուսանկարով մը) որ կը կրէ 4 Յունուար 1964 թուականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.