Ձեռքի կառավարման ինքնաշարժներ Արցախեան պատերազմի հաշմանդամներուն։
Արցախեան պատերազմի Ա. կարգի 8 հաշմանդամներ, 8 Մայիս 2009-ին, ստացան ձեռքի կառավարման
ինքնաշարժներ: Բանալիներու յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ստեփանակերտի «Վերածնունդ»
հրապարակին վրայ, եւ այս անգամ ձեռամբ նոյնինքն բարերարին՝ Սուրէն Աւագեանի, որ արդէն
երկրորդ անգամ ըլլալով նման նուիրատուութիւն կը կատարէ: Բարերարներու եւ պետական
ամավարկի յատկացումներուն շնորհիւ հաշմանդամներու ինքնաշարժ տրամադրելու ծրագիրը սկսած
էր 2008ին, երբ պատերազմի 1ին կարգի 25 հաշմանդամներ ստացած էին նմանանատիպ մեքենաներ:
Երեւան-
Հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Փիւնիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը պիտի իրականացնէ
«Երեւանի եւ Գիւմիրի մէջ հաշմանդամներու համար արուեստի եւ արհեստի կեդրոններու ստեղծում»
ծրագիրը, յայտնեց կազմակերպութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան նշելով՝ որ ծրագիրի նպատակն
է անպաշտպան հաշմանդամներու համար աշխատատեղեր ստեղծել: Ծրագիրի առաջին փուլին պիտի ընդգրկուին
մօտ 150 հաշմանդամներ, որոնք պիտի ուսուցանեն 5 մասնագիտութիւններ՝ քարի եւ փայտի վրայ
փորագրութիւն, կաւագործութիւն, ասեղնագործութիւն եւ ձեռագործ: Ծրագիրի իրականացման համար
«Վիվա Սել» ընկերութիւնը տրամադրած է 39.5 միլիոն դրամ, «Փիւնիկ»ը՝ 5.5 միլիոն դրամ,
ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրը՝ 2.5 միլիոն դրամ: