2009-05-07 12:44:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 7 Մայիս 2009, առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սան Սալվատորի հանրապետութեան նախագահը՝ տիար Անթոնիօ Սագա Կոնզալէս։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ նախագահ Սագան Վատիկան կ'այցելէ։ Սրբազան պապին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նախագահ Սագա խօսեցաւ աշխարհի խաղաղութեան, Սրբազան Պապին Ս. Երկիր այցելութեան, տնտեսական տագնապին, ինչպէս նաեւ՝ աղքատութիւնը Սալվատորի մէջ ու կեանքի եւ ընտանիքի պաշտպանութիւնը նիւթերու մասին։ Յայտնենք թէ անցեալ տարի՝ 28 փետրուար 2008 ին, Սրբազան Քահանայապետը Սան Սալվատորի եպիսկոպոսները ընդունելով՜ իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութեան ընթացքին, խնդրեց եպիսկոպոսներէն որ ՜՜զԱստուած քարոզեն՝՝, որպէս դարմանը իրենց երկրին մէջ, ՜՜մեծ աղքատութեան ու բռնութեան ծաւալումին՝՝։ Սան Սալվատորի հանրապետութիւնը, Կեդրոնական Ամերիկայի ամենէն փոքր հանրապետութիւնն է է, եւ միաժամանակ նկատուած է ՜՜երկրագունդի ամենէն վտանգաւորը եւ ամենէն չքաւորը՝՝։ Անոր բնակչութեան 80 տոկոսը կաթողիկէ են։ Բռնութիւնը՝ ըսած էր Սրբազան Քՙահանայապետը հետեւանքն է երկրին աղքատութեան, դաստիարակութեան բացակայութեան, արժէքներու կորուստին ու ընտանիքի քայքայումին։ 2008 Յունիսին Սան Սալվատորի նախագահը ընդունած էր Ս. Աթոռի ‘Path to Peace’խաղաղութեան մրցանակը։ Այս մրցանակը կը շնորհուի ամէն անոր որ կը քարոզէ ՜՜Եկեղեցւոյ ու քահանայապետներու բարոյական, բարգաւաճումի, մարդու իրաւունքի եւ խաղաղութեան ուսուցումը՝՝։



Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահայանապետին Այցելութիւնը Սուրբ Երկիր (8- 15 Մայիս)։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Երկիր այցելութեան ութը օրերուն ընթացքին պիտի արտասանէ 27 ճառեր,պիտի տեսակցի վարչապետներու նախագահներու եւ թագաւորներու հետ,այցելելով հիւանդանոցներ եւ գաղթավայրեր։ Բայց յատկապէս ան ուխտագնացութեան պիտի երթայ Քրիստոնէութեան Սրբավայրերը ինչպէս Բեթղթհէմի Նէպօ Լեռը,Նազարէթ քաղաքը ,Սուրբ Թաղման Տաճարը։ Պէնէտիկտոս ԺԶ. Հռոմէն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման պիտի մեկնի 8 Մայիսի առաւօտը,եւ հոն նոյն օրը պիտի այցելէ ՝՝Ռէճինա Բաչիս՝՝անուան անկար փոքրերու կեդրոնը ,որմէ յետոյ պիտի երթայ թագաւորական պալատը ողջունելու Յորդանանի Արքայական Ամոլը։ Յաջորդ օրը Ռազինկէր Պապը պիտի բարձրանայ Նէպօ Լեռը ուր կը գտնուի Մովսէս Մարգարէի յիշատակագրութեան նախնական տաճարը։ Ամման վերադառնալով Նորին Սրբութիւնը պիտի երթայ Աշէմիթներու Թանգարանը եւ Ալ-Հիւսսէյն Պին-Թալալ Մզկիթը,որը պիտի հանդիսանայ երկրորդ մզկիթը որ Սրբազան Հայրը կ՝այցելէ Պոլսոյ Կապոյտ Մզկիթէն ետք։ Հոս Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ։

Կրօնապետերու ,Դիւանագիտական Մարմնի եւ Յորդանաի Համալսարաններու Ռեկտորներուն հետ։ Հուսկ պիտի գլխաւորէ երեկոյան Ժամերգութիւնը կաթողիկէ համայնքին հետ Ամմանի Սուրբ Գէորգ յոյն-մէլքիթ մայր եկեղեցիին մէջ։



Կիրակի օրը Մայիս 10ին,Ամմանի մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագը եւ ՝՝Թագուհի Երկնից՝՝ զատկական շրջանի Մարեմեան Աղօթքը ։ Յետ միջօրէին Պէնէտիկտոս ԺԶ. պիտի այցելէ Յիսուսի մկրտութեան վայրը։

Երկուշբաթի 11 Մայիսին, Քահանայապետը Ամմանէն օդանաւով պիտի փոխադրուի Թէլ-Ավիվ (Իսրայէլ) եւ հոն ժամանումէն անմիջապէս ետք պիտի մեկնի Երուսաղէմ։ Քաղաքավարական այցելութենէն ետք Նախագահ Շիմոն Բէրէզին , Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Եատ Վաշհէմի Յուշահամալիրը։ Օրուայ վերջաւորութեան Սրբազան Քահանայապետը տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ Միջ-կրօնական երկխօսութեան ի նպաստ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հօր Սուրբ Երկիր առաքելական ճամբորդութեան ամենակարեւոր պահերէն մին պիտի ըլլայ երեքշաբթի 12 Մայիսը, Սրբազան Քահանայապետի այցելութեամբը Մզկիթներու Տափաստանը եւ Ողբի Պատը։ Նախատեսուած են հանդիպումներ Երուսաղէմի Մեծ Միւֆթիին եւ երկու Ռաբունապետերու հետ։ Ապա Սրբազան հայրը պիտի աղօթէ Երուսաղէմի Վերնատան մէջ։ Յաջորդ օրը Նորին Սրբութիւնը պիտի երթայ Պաղեստինեան Իշխանութեան հողամասը Երուսաղէմի մէջ. Պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ Մսուրի Հրապարակին վրայ, եւ պիտի այցելէ մեր տիրոջ ծնունդի Քարայրը։ Ապա պիտի երթայ ՝՝Գարիթաս Պէյպի՝՝ հիւանդանոցը եւ ԱԻՏԱ-ի Պաղեստինցիներու Գաղթավայրը, ուր պիտի արտասանէ ճառ մը. հուսկ պիտի տեսակցի Պաղեստինի Իշխանութեան նախագահ Ապու Մազէնի հետ։

14 Մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագը Նազարէթի մէջ որմէ յետոյ հանդիպում մը պիտի ունենայ Իսրայէլի վարչապետ Պէնիամին Նէթանիահուի հետ,պիտի ողջունէ Գալիլիոյ կրօնապետերը եւ պիտի այցելէ Աւետման Քարայրը։ Ուրբաթ օրը( այցելութեան վերջին օրը) Երուսաղէմի մէջ նախատեսուած է համամիութենական հանդիպում մը Յոյն-Օրթոտոքս Պատրիարքութեան կեդրոնը եւ այցելութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանը ու ապա Յարութեան Տաճարը։ Սրբազան Հօր Թէլ-Ավիվէն դէպի Հռոմ մեկնումը նախատեսուած է Ուրբաթ 15 Մայիսին,ժամը 14ին։ Նորին Սրբութեան օդանաւը Հռոմի Չիամբինօ օդակայանը պիտի ժամանէ (իտալիոյ ժամով) ժամը՝ 16.50ին -Մայիս 15ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.