2009-05-07 12:45:18

Լուրեր հայ գաղութներէն

Հայոց Մեծ Եղեռնի 94 Ամեակի Ոգեկոչման Գծագրութիւններու Ցուցահանդէս Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համմուտի մէջ։


Լիբանանի Սկաուտներու Միութեան կէդրոնէն ներս, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի խմբապետական կազմին տեղի ունեցած է Հայոց Մեծ Եղեռնի 94-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած գծագրութիւններու ցուցահանդէս մը որուն ընթացքին, ներկայացուած են գծագրութիւններ եւ ձեռային աշխատանքներ ինչպէս նաեւ ցուցադրուած է The Genocide In Me վաւերագրական ֆիլմը։ Ձեռնարկին՝ որուն ներկայ գտնուած էին աւելի քան 100 խմբապետներ եւ խմբապետուհիներ Լիբանանի Սկաուտներու Միութեան զանազան սկաուտախումբերէ Լիբանանի չորս կողմերէն, ունէր որպէս նպատակ՝ ծանօթացնել ՜՜ոչ հայ երիտասարդներուն՝ Ապրիլ 24-ի նշանակութիւնը եւ հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ վերակենդանացնել սկաուտներուն մէջ հայ դատի պահանջատիրական ոգին եւ ազգային հպարտութեան իսկական զգացումները՝՝։



Կռունկ եւ Քնար Երգչախումբերու Միացեալ Համերգ

Դամասկոս, Սուրիա - Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ կայացաւ Կռունկու Քնար երգչախումբերու միացեալ ելոյթը։ Համերգը կը հովանաւորէր ու իր ներկայութեամբ կը նախագահէր, Դամասկոսի Հ Կ առաջնորդը՝ Արհի Յովսէփ եպս Առնաութեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայոց թեմի առաջնորդը գերաշնորհ Արմաշ Եպս Նալպանտեան, Պէյրութէն մասնաւորապէս հրաւիրուած՝ գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ վրդ Կռանեան հիմնադիրը՝ երկու երգչախումբներուն, հայր Մովսէս վրդ Տօնանեան, հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը՝ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեան, քահանայ հայրեր, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը տէր եւ տիկին տոքթ Արշակ Փոլատեան եւ դեսպանատան նորանշանակ խորհրդականը պրն Տիգրան Գէորգեան, դամասկահայ միութիւններու եւ կրթական օճախներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ ու բազմաթիւ երգի ու երաժշտութեան սիրահար հայորդիներ։

Դամասկոսի ՀԿՄ-ի ատենապետ եւ Քնար երգչախումբի պատասխանատուն՝ տիար Սարգիս Քէշիշեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց որ այս համերգը աննախընթաց է ՜՜Քնար՝՝ երգչախումբի երկար տարիներու գործունէութեան մէջ քանի որ ան առաջին անգամ միասնաբար ելոյթ պիտի ունենայ Պէյրութի ՀԿ Պատրիարքական ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբի հետ որ կը խմբավարէ բազմավաստակ երաժշտագէտ՝ տոքթ Եդուարդ Թորիկեան եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբի անդամներուն, գլխաւորութեամբ հոգեւոր վարիչ Գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ Վրդ Կռանեանին եւ խմբավար տոքթ Եդուարդ Թորիկեանին, որոնք յանձն առին Դամասկոս գտնուիլ ու ճոխացնել ելոյթը։ Ան նաեւ յիշեցուց ներկաները ըսելով որ՝ հայր Անդրանիկ 47 տարիներ առաջ Դամասկոսի մէջ հիմնած էր ՜՜Քնար ՝՝երգչախումբը։

Այնուհետեւ առաջին բաժինով բեմ բարձրացան ՜՜Քնար՝՝ երգչախումբի 50 անդամները, որոնք խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանին, ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը հայկական խմբերգներ։

Կարճ դադարէ մը ետք բեմ բարձրացան ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբի անդամները, խմբավարութեամբ տոքթ Եդուարդ Թորիկեանի ու դաշնակի

ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի։ Տոքթ Թորիկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս միացեալ համերգի կայացման առթիւ, նշելով թէ մեծ սիրով ընդառաջած էին Դամասկոսի ՀԿՄ ՜՜Քնար՝՝ երգչախումբի հրաւէրին յաջողցնելու այս համերգը, մանաւանդ որ երկու երգչախումբերու հիմնադիրը՝ հայր Անդրանիկ Կռանեան միշտ աշխատած է ու կոչ ուղղած է միանալու։

Տոքթ Թորիկեան յայտնեց թէ այս համերգը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Կռանեան վարդապետին իր 80 ամեակի առթիւ։ Եւ այսպէս որպէս առաջին երգ երգչախումբը խոր ապրումով կատարեց ՜՜Առ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան՝՝ երգը որու բառերու հեղինակը հայր Անդրանիկ Ծ Վրդ Կռանեանն է ու երաժշտութիւնը յօրինած է Տոքթ Ե. Թորիկեան։ Այնուհետեւ ներկաները առիթը ունեցան վայելելու ՜՜Կռունկ՝՝ երգչախումբի որակաւոր կատարումը շարք մը հայկական արաբական եւ այլ լեզուներով երգերու ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.