2009-05-07 13:42:20

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Էդուարդ Նալբանդեան Ուաշինկթընի մէջ կը տեսակցի Հիլըրի Քլինթընի հետ։ Աշխատանքային այցով Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մայիս 6ին (նախատեսուածէն մէկ օրով յետաձգումէ մը ետք) ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ քըննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը, նաեւ տնտեսական փոխ գործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Երկու նախարարները անդրադարձած են Մայիսին Երեւանի մէջ կայանալիք հայ-ամերիկեան միջ-կառավարական Յանձնաժողովի նիստին, ինչպէս նաեւ քննարկած են տարածաշրջանային ու միջազգային շարք մը խնդիրներ։ Անոնք քննարկած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Նախապէս, օր մը առաջ, Նալբանդեան այցելած էր ամերիկեան Գոնկրէսը, ուր հանդիպում ունեցած էր Հայկական հարցերու Յանձնախումբի Համանախագահներ Ֆրանք Փալոնի, Մարք Քըրքի եւ խումբի անդամներ՝ Գոնկրեսականներ Աննա Էշուի, Սթիվ Ռոտմընի եւ Սքաթ Քերեթի հետ։ Գոնկրէսականներու խնդրանքին ընդառաջելով, Նալբանդեան ներկայացուցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Նալբանդեանի հանդիպումներու շարքը ամբողջացած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ նախարար Տանիէլ Ֆրիտի հետ հանդիպումով։ Ապա Նալբանդեան մեկնած է Փրակա, Հայաստանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելու համար եւ մասնակցելու Արեւելեան Գործընկերութեան Գագաթնաժողովին։



Փրակայի մէջ հանդիպում Պենիթա Ֆերերօ-Վալտնէրի հետ։ Փրակա ժամանելուն պէս Էդուարդ Նալբանդան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Յանձնաժողովի արտաքին յարաբերութիւններու եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Տիկին Պենիթա Ֆերերօ-Վալտնէրի հետ։ Զրոյցը անգամ մը եւս կայացաւ հայ-թրքական եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայող նիւթերու մասին ։ Է. Նալբանդեան յայտնեց թէ Հայաստան կը գնահատէ թէ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագիրը մեծ ներուժ կը պարտադրէ։



ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հանդիպեցաւ ԲՈՒՀ-երու ուսանողական

խորհուրդներու ղեկավարներուն հետ։ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողական խորհուրդներու ղեկավարներուն հետ։ Ան ողջունելով երիտասարդ հիւրերը, շեշտեց Հայաստանի իշխանութիւններու շահագրգռութիւնը ուժեղ ուսանողական խորհուրդներու կայացման հարցով։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, երիտասարդը, ուսանելու տարիներու ընթացքին, ոչ միայն պէտք է քայլեր առնէ գիտութեան ու գիտելիքներու աշխարհին մէջ, այլեւ դաստիարակուի որպէս ապագայի քաղաքացի։ Նախագահի խօսքէն ետք, շահագրգիռ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, ուսանողութիւնը հետաքրքրող խնդիրներու վերաբերեալ։



Ֆրանսայի դիրքորոշումը չէ փոխուած ԹՈՒՐՔԻՈՅ Մասին։

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դարձեալ հանդէս եկած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան դէմ։ Իր կարծիքին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պէտք է սկսի բանակցութիւններու Թուրքիոյ հետ տնտեսութեան ու անվտանգութեան վերաբերող հարցեր քննարկելու համար, այդ ալ այլընտրանք մը կրնայ ըլլալ անդամակցութեան յատկանշականօրէն (ըսած է Նիքոլա Սարքոզի)։ Ֆրանսայի նախագահը հանդէս եկած է Եւրոպական Միութեան անդամներու թիւի անվերջ ընդլայնման հասկացողութեան դէմ։ Շարունակելով հետեւողականօրէն խիստ քաղաքականութիւն վարել Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան դէմ՝ Սարքոզի յայտարարած է որ եթէ հարկ ըլլայ՝՝հանրաքուէի՝՝ պիտի դիմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.