2009-05-06 12:42:59

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 6 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը, շարունակելով՝ իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին, այսօր ներկայացուց Ս. Յովհաննէս Դամասկացին.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնենք 8-րդ դարու մեծ առաքեալի Սուրբ Յովհաննէս Դամասկացիի վրայ։ Ան եղաւ բիւզանդական աստուածաբանութեան պատմութեան ռավհիրաներէն մէկը ։ Քրիստոնեայ հարուստ ընտանիքի զաւակ, մատակարարի դեր կը կատարէր քալիֆայի մօտ։ Սակայն գոհացում չգտնելով արքունի կեանքէն, 700 թուականին Երուսաղէմի մօտ գտնուող Սապա մենաստանը կը քաշուի, ուր կը նուիրուի վանական խստամբեր կեանքի ու հոգեւոր գրականութեան։ Իր բազմաթիւ քարոզները վկայութիւն են անոր հովուական գործունէութեան։ Արեւելքի մէջ, ան ճանչցուած է սրբանկարներու պաշտպանութեամբ։ Սրբանկարները առընչուած են Աստուծոյ Որդիի խորհուրդի մարդեղութեամբ Ս. Կոյս Մարիամի ծոցին մէջ։ Ս. Յովհաննէս Դամասկացին առաջինը եղաւ որ՝ քրիստոնէական պաշտամունքի մէջ, տարբերութիւն դրաւ ընդմէջ երկրպագութեան՝ որ ուղղուած է միմիայն Աստուծոյ, եւ մեծարանքի՝ որ կարելի է ուղղել այն անձերուն որոնք ներկայացուած են նկարին մէջ։

Այս տարբերութիւնը շատ կարեւոր եղաւ պատասխանելու անոնց, որոնք հիմնուած՝ Հին Կտակարանի վրայ, կ'ուզէին արգիլել սրբանկարներու գործածութիւնը։ Ս. Յովհաննէս Դամասկացին կը մնայ առանձնաշորհեալ վկայ մը սրբանկարներու պաշտաումնքին, որ մինչեւ օրս յատուկ է ՜՜Արեւելեան Աստուածաբանութեան ու Հոգեւորութեան՝՝։ Ան նաեւ ընդունեց սուրբերու մասունքներու մեծարանքը, այն համոզումը յայտնելով թէ՝ սուրբերը ՜՜մասնակից Քրիստոսի Յարութեան՝՝ կարելի չէ զանոնք նկատել որպէս պարզ ննջեցեալներ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք որ Զատկական այս շրջանին մտերմութիւն հաստատեն Քրիստոսի հետ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով անոնց ՜՜Մայիս ամսոյն մէջ ենք, Քրիստոնեայ ժողովուրդը այս ամիսը նուիրած է Տիրամօր, մենք ամէնքս կանչուած ենք յաճախելու Ս. Կոյս Մարիամի դպրոցը որպէսզի իրմէ սորվինք զԱստուած սիրել ամէն բանէ վեր։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Յորդանանի, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի բնակիչներուն բացայայտելով իր առաքելական ուխտագնացութեան նպատակը որ է. ՜՜Քաջալերել այդ հողի քրիստոնեաները հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ, եւ կառչած մնալու իրենց հայրենիքին. ինչպէս նաեւ աղօթելու՝ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու միութեան ու խաղաղութեան համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.