2009-05-06 12:43:48

Մեծ Եղեռնի 94 Ամեակի Նուիրուած Հանդիսութիւն Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Վարժարանին Մէջ


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Արհի. Վարդան եպս Աշգարեանի, հոգեւոր հայրերու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հայկազ Էյլենճեան։ Ան նշեց որ հայութիւնը պէտք է պահէ նահատակներուն կտակը՝ պահպանելով հայերէնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները, հաստատելով որ հանգիստ չկայ, մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն։

Կատարուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ասմունքներով, երգերով ու նուագով որմէ ետք oրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ նշեց, թէ ապրիլ ամիսը հայութեան զգայնութեան ամիսն է, որուն ընթացքին բոլոր հայերը կ'արտայայտեն իրենց պոռթկումը։ Խօսք առաւ նաեւ քոյր Արմինէ Մակարոսեան Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանին տնօրէնը որ շեշտեց, թէ Հայ դատին արդար հետապնդումը կենթադրէ անդուլ կամք եւ վճռակամութիւն. եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը, Հուսկ՝ խօսք առաւ Արհի. Վարդան եպս Աշգարեան, որ հաստատեց, թէ թալէաթներու ծրագիրը չիրականացաւ եւ հայը կը գոյատեւէ ու պիտի շարունակէ գոյատեւել։

Պահպանիչով փակուեցաւ Մեծ եղեռնի նուիրուած հանդիսութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.