2009-05-06 09:12:49

Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ


Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ

Աոաջնորդէ՚ մեզի դէպի նաւահանգիստ

Ով աստղ ծովու

Եւ քեզի սեղմէ քու որդիներդ,

Որ երանուհի կը կոչեն քեզ

Փեսայի յաւիտենական հարսանիքին։



Մեզի ուղղէ՛ քու դէմքդ, ով գթած,

Մեզի ուղղէ՛ քո աչքդ, ով բարեգութ,

Մեր վրայ տարածէ քու վերարկուդ,

Ով քաղցր Կոյս Մարիամ։



Քեզի կը բարձրանայ

Գովաբանութիւնը,

Ով շնորհքներով լեցուն

Քեզի են՝ ապաստանող

Զաւակներուդ հեծեծանքները,

Օրհնեալ ես դու կիների մէջ,

Սրբուհի Մարիամ։



Հագցուր՛ մեզի

Մեր հարսանեկան գգեստը

Քո սիրուդ կտաւէն,

Ով խարհրդաւոր վարդ՝

Մշտավաո մորենիի,

Յաւիտենական խնճոյքի անվերջ օրուայ

Տիրոջ խոստացած երկրի մէջ։



Ողջոյն Դուստր Հօր,

Ողջոյն Մայր Որդւոյն,

Ուրախացի՛ր եւ ցնծա՚յ,

Հարսը եւ տաճարը Սուրբ Հոգիին։

Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.