2009-05-05 13:20:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 24 Մայիսին պիտի այցելէ ՜՜Մոնթէ Գասսինօ՝՝ կոչուած Պենետիկտեան վանքը, հաստատուած՝ սուրբ Պենետիկտոսէն։


Ինը ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցէ Պենետիկտեաններու մենաստանին մէջ եւ ապա բացումը պիտի կատարէ եղբայրօգնութեան կեդրոնին, ուր՝ օգնութեան կը հասնին դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն, իսկ երեկոյեան Սրբզ. Հայրը պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։ Նախապէս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ զինուորական գերեզմանը լեհերուն՝ որոնք ինկան Բ. աշխարհամարտին ազատագրումի ընթացքին 18 Մայիս 1944-ին։ Յայտնենք թէ ՜՜Մոնթէ Գասսինօ՝՝ կոչուած՝ Պենետիկտեան վանքը հիմնուած է 529-ին։ Սրբազան Քահանայապետին հովուական այս այցելութիւնը, ՜՜առաջինը՝՝ պիտի հանդիսանայ 2009-ին Իտալիոյ մէջ կատարելիք չորս հովուական այցելութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար պիտի այցելէ 21 Յունիսին ՜՜Սան Ճիովաննի Ռոդոնտօ՝՝ ուխտավայրը, Իտալիոյ Բուլիա մարզին մէջ, եւ ուր կը հանգչի Բատրէ Բիոն ։ Ապա Սեպտեմբեր 6-ին պիտի այցելէ ՜՜Վիթերպօ՝՝ն , ուր՝ ծնած է Սուրբ Պոնավանդիւրը` եւ հուսկ Նոյեմբեր 8-ին՝ պիտի այցելէ ՜՜Պրեշիա՝՝ն, ծննդավայրը՝ Աստուծոյ ծառայ Ճիովաննի Պադիսդա Մոնթինիի` ապագայ Պօղոս Զ Քահանայապետին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 27 ապրիլ 2005ին իր առաջին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, բացայայտած էր թէ՝ ինչո՞ւ ընտրեց ՜՜Պենետիկտոս՝՝ անունը, ընդգծելով՝ Ս. Պենետիկտոսի մեծ կարեւորութիւնը։ Ան եղած էր` հայրը Արեւմտեան վանականութեան, եւ մասնաւորապէս մեծարուած՝ Գերմանիոյ Պավարիա շրջանին մէջ։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Պապը, 1964-ին՝ հռչակած էր Ս. Պենետիկտոսը պաշտպան սուրբը Եւրոպայի։ Սուրբ Պենետիկտոսի վանականներուն տուած ճկուն կանոնագիրքը կարելի է համառօտել հետեւեալ երկու բառերով. ՜՜Աղօթք եւ Աշխատանք՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.