2009-05-05 08:57:00

Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ


Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ

Ե՛լ եւ կանգնի՛ր

Յաւիտենական արեւային լոյսին աոջեւ

Համերաշխ ողջագուրումով

Սուրբ եւ երանելի Երրորդութ֊եան։

Ցաւի սուրը որ քեզմէ հանուեցաւ

Կը խոցէ այլեւս երկրի վրայ

Ծնող Եկեղեցւոյ սիրտը։



Ողջոյն քեզ Մարիամ

Ողջունեց Գաբրիէլը եւ

Երկնային խմբակները,

Ողջոյն քեզ Մարիամ,

Կոյս եւ անարատ հարս,

Անաղարտ այգի, կնքուած աղբիւր,

Գաոն անարատ։



Միշտ աղոթող Տիրոջ աղախինը

Ճշմարիտ ուրախությունը Բարի Հովիվին

Յաւիտենական Փարախին մէջ,

Մղէ՛ զաւակներդ բազմութիւնը

Կեանքի սեղանին:



Շնորհքներու ծով,

Աստուծոյ տան դուոը բաց,

Որպէպսզի կարողանանք ապրիլ

Միշտ խաղաղութեան մէջ։



Լոյս, շողա՛ եւ մատնանշէ՛ մեզի,

Ով Մայր եւ Կոյս խոհեմ,

Որու ճրագը երբէք չէ հատած։








All the contents on this site are copyrighted ©.