2009-05-04 12:48:18

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՔԼԻՆԹԸՆ-ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՔԼԻՆԹԸՆ-ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ։ Այսօր, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ Հարաւային Կովկասի տագնապները լուծելու երկարատեւ ջանքերու ծիրին մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, իսկ երեքշաբթի օր՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա Սի.Էն.Էն.Թիւրք պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Նալբանդեանի եւ Մամետեարովի հետ Քլինթըն հանդիպում պիտի ունենայ, Փրակայի մէջ 7 մայիսին նախատեսուած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին ենթահողը պատրաստելու համար։ Ռուսական ՝՝Ռիա Նովոսթի՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Քլինթըն Նալբանդեանի հետ հանդիպում պիտի ունենայ,աշխատանք տանելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման ուղղութեամբ։

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ 1 ՄԱՅԻՍԻ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐԸ։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յատուկ յայտարարութեամբ մը շնորհաւորած է Հայաստանի բնակչութիւնը, աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով։ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի յայտարարութիւնը կը նշէ

՝՝Լինելով ընկերվարական կուսակցութիւն, Ընկերվար միջազգայնականի լիիրաւ անդամ՝ ՀՅԴ-ն իր ողջ գործունէութեան ընթացքում կարեւորել է աշխատաւորի շահերը, փորձել մեղմել նրանց հիմնախնդիրները։ Այսօր, անկախ պետականութեան պայմաններում, ստեղծուել են լայն հնարաւորութիւններ՝ աշխատաւորների շահերը պաշտպանելու, նրանց իրաւունքների ոտնահարումը կանխելու, ընկերային արդարութեան սկզբունքները կեանքի կոչելու համար։ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հետեւողական է լինելու այդ խնդրում։ Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով տօնի առթիւ՝ մաղթում ենք առողջութիւն, ազատ, արդար աշխատանք եւ բարեկեցիկ կեանք խաղաղ երկնքի ներքոյ՝՝։



ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ՝ ՀՅԴ-Ի ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԸ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄՈՎ։ Շաբաթ, 2 մայիսին սկսաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւը։ ՀՅԴ. Դաշնակցութիւնը ՝՝Սա Երեւանն է, այստեղ դու տանն ես՝՝ կարգախօսով նախընտրական իր քարոզարշաւին սկսաւ ծառատնկումով։ Նշենք որ Երեւանի Նուպարաշէն համայնքին մէջ ՀՅԴ անդամներ եւ համակիրներ տնկեցին 1000 ծառեր։



ԷքոնոմիսԹ ՝՝Լեռնային Ճատրակ՝՝ Կորակէ Կովկասեան Քաղաքականութիւնը

ԼՈՆՏՈՆ- ՝՝Էքոնոմիսթ՝՝ թերթը իր վերջին թիւին մէջ, Երեւանէն ու Անգարայէն յղուած տեղեկութիւնները համադրելով, Ապրիլ 30 թուակիրը ՝՝Լեռնային Ճատրակ՝՝ խորագիրը կրող յօդուածով մը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի քաղաքական այն խաղին, որուն մասնակիցներն են Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ռուսիան եւ Թուրքիան, նպատակ ունենալով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ անոր միջոցաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնել։ Թերթը կը գրէ, թէ այս նպատակները գրեթէ հասանելի թուեցան Ապրիլ 23ին, երբ Թուրքիա եւ Հայաստան յայտարարեցին, թէ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացուցած են պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու գծով, առանց մանրամասնութիւնները հրապարակելու։ Եթէ սահմանը բացուի, ապա հայերը կրնան մագլցիլ իրենց սուրբ լեռը՝ Արարատը, իսկ Հայաստանի հետ բարեկամութիւնը կրնայ բաւարար ուժ տալ Թուրքիոյ, Ղարաբաղի հարցով համաձայնութիւն մը մէջտեղ բերելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի ընդարձակ դերակատարութիւն ստանձնելու նպատակով։ Այս մէկը, իր կարգին, կրնայ մղել Թուրքիոյ բարեկամները որ յաւելեալ քայլերու դիմեն Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու համար։ Սակայն, համաձայնութեան անմիջական արդիւնքը այն եղաւ, որ Պարաք Օպաման Ցեղասպանութիւն բառը չգործածեց Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ,հակառակ ընտրապայքարի ընթացքին իր տուած լուրջ խոստումներուն։ Փորձելով բոլորին միաժամանակ գոհացնել՝ Օպամա գործածեց հայերէն Մեծ Եղեռն բառերը, դրուատելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ խաղաղարար ջանքերը ։ Միւս կողմէ չմոռնանք որ (կը գրէ Էքոնոմիսթ թերթը ) Հայաստան միակ երկիրն է, որ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալով՝ ունի նաեւ ռուսական ուժեր եւ խարիսխ մը։ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կրնայ պատճառ դառնալ, որ Հայաստան հաստատուած ռուսական ուժերը հեռանան եւ կամ թէ Ռուսիոյ կրնայ յանձնուիլ Հայաստանը- Լեռնային Ղարաբաղին կցող շրջաններու ապահովութեան հսկողութիւնը։ Միաժամանակ, Ռուսիա կը փորձէ Ատրպէյճանի հետ բնական կազի համաձայնութիւն մը գոյացնել, ինչ որ կրնայ մահացու հարուած մը հասցնել Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ատրպէյճանի կազը Թուրքիոյ միջոցաւ Եւրոպա հասցնելու նպատակով առաջադրուած Նապուքօ կազատարի ծրագրին, ուժանիւթի մարզին մէջ Եւրոպան կախեալ պահելով Ռուսիայէն, (կ՝ընդգծէ թերթը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.