2009-05-03 13:54:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի թեմի 19 սարկաւագներու քահանայական կարգ կը շնորհէ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի թեմի 19 սարկաւագներու քահանայական կարգ կը շնորհէ։



Կիրակի, մայիս 3, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց ս. Պետրոս պազելիքային մէջ եւ որու ընթացքին 19 սարկաւագներու քահանայական կարգ շնորհեց։ Սրբազան Քահանայապետին հետ համապատարագեցին Հռոմի տեղապահը կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի եւ Հռոմի թեմի եպիսկոպոսներն ու քահանաները։

Անոնց ուղղած հայրական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Եկեղեցւոյ բարի սովորութեան համաձայն, ամէն տարի, Բարի Հովիւի կիրակին, Հռոմի Եպիսկոպոսը շրջապատուած իր կղերով` եպիսկոպոսներով ու քահանաներով քահանայական ձեռնադրութիւն կը կատարէ Հռոմի թեմին համար։ Ասիկա աստուածային մեծ պարգեւ մըն է տրուած Եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ հոս կ'ուզեմ ողջունել Հռոմի կղերը քահանայութեան թեկնածու սարկաւագները ու անոնց պարագաները։

Քահանայ ըլլալ Եկեղեցւոյ մէջ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը նշանակէ մաս կազմել այն բիւրաւոր ընտրեալներուն որոնք ինքզինքնին կու տան Քրիստոսի` քահանայութեան ձեռնադրութեամբ։ Քրիստոս` իր կեանքը տուաւ բոլորին, սակայն մասնաւորապէս անոնց համար, որոնք, Հայր Աստուած ինքնիրեն համար ընտրեց, որպէսզի Իր անունով խօսին ու ներգործեն, որպէսզի Զինք ներկայացնեն ու շարունակեն փրկչագործութեան առաքելութիւնը` պատարագ մատուցանելով եւ մեղքերուն թողութիւնը շնորհելով։ Այս ըրաւ Բարի Հովիւը որ իր կեանքը տուաւ իր ոչխարներուն համար, որպէսզի քահանաները իրենց կարգին նոյնը կատարեն։ Յիսուս յատուկէն աղօթեց իր ընտրեալ քահանաներուն համար որպէսզի կարենան ''արածեն իր ոչխարները''։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ աղօթքի մասին ու անոր առընչութիւնը ծառայութեան հետ։ Քահանայ ձեռնադրուիլ կը նշանակէ մտերմութեան մէջ մտնել Քրիստոսւի հետ այս մտերմութիւնը կը կայանայ աղօթքին մէջ։ Հետեւաբար աղօթքը քահանային իւրայատուկ կոչումն է։ Յովհաննէս աւետարանիչը կը սիրէր ընդգծել թէ Քահանան կանչուած է Քրիստոսի հետ մնալու, եւ ասիկա կ'իրագործուի աղօթքի միջոցաւ։ Ճշմարիտ աղօթասէր քահանան ինքզինք կը մոռնայ եւ կը նոյնանայ Քրիստոսի հետ, կը դառնայ այլ ոմն Քրիստոս, կը դառնայ Բարի Հովիւ եւ ծառայ` եղբայրներուն, եւ միշտ պատրաստ իր կեանքը տալու իրեն յանձնուած ոչխարներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.