2009-05-03 09:23:15

Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ (3)


Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ



Եւայից յետոյ խոստացուած Կին

Սկզբէն անարատ դարձած,

Թշնամիի գլուխը ճզմող

Ընտրեալ եւ սուրբ ազգի զօրությամբ

Յիսուս Քրիստոսի վկաներով

Որ քեզ մեզի կը նուիրէ որպէս Մայր։



Կին Կոյս

Հարս եւ Մայր,

Սրբուհի Մարիամ՝ Աստուծոյ

Եւ մարդկութեան

Անսա՚ ամէնի կանչին եւ ընդունի՛ր

Խնդրանքները Մարդկային ընտանիքին։



Կոյս անճաո եւ հաւատարիմ,

Կանթեղ անեղ սուրբ լոյսին

Աղախին Տեաոն,

Որ կրեցիր արգանդիդ մէջ

Դարերու գաղտնի խորհուրդը։



Գեղմ երկնային ցօղի,

Անհասանելի արկղը

Աստծոյ Արքայութեան,

Կը կրես անունը

Աւետարանի՝ թանկագին մարգրիտի։



Ով Մարիամ,

Որ հաւատքովդ սկիզբ տուիր

Ս· Գրքի, Օրինաց եւ Մարգարեներու

Կատարումին եւ բացուեցար

Յաւիտենական Ուխտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.