Home Archivio
2009-05-02 08:29:40
Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ
Մայիս ամսուայ Մարեմեան խոկումներ
Ոտքիդ՝ լուսինը լոյսի նշան,
Սուրբ անունիդ տէրը
Ով Մարիամ,
Որ աշխարհը կը բարենորոգես
Քու սրտիդ ուժովը
Որ կը համակերպէ Հօր կամքին։
Սիրուած եւ նախընտրուած Տիրոջմէն
Քեզմէ բանը իր ընթացքը աոաւ,
Եւ լաւ հողին վրայ իջաւ
Բարձրեալի հովանին,
Ծլեցնելով օրհնեալ պտուղը
Քո որովայնիդ՝ Յիսուս։
Կեանքի հեղինակը
Քեզմէ կեանք աոաւ
Եւ քու միջոցովդ
Կը ցնծան բոլոր արարածները։
Ան որ ոչնչէն կանչեց
Ամէն բան որ կայ,
Քեզ ստեղծեց առաւօտեան աստղ՝
իր երկնային Արքայութեան
Երկնակամարի մէջ։
Հայրը քեզ կոչեց Տիկին Փրկութեան,
Քաջ մարտիկ պատերազմի մէջ,
Որ կը դարմանէ Ադամի մեղքը
Կատարեալ եւ նոր
Ներրդաշակությամբ։
All the contents on this site are copyrighted ©.