2009-05-02 13:27:19

Երջանկայիշատակ Յովհանէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին Ս. Երկիրը այցելութենէն ինը տարի ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն կը կատարէ Ս. Երկիր ՜՜Յորդանան, Իսրայէլ եւ Պաղեստին՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ. երրորդ Քահանայապետն է որ Ս. Երկիրը կ'այցելէ։


8 Մայիս 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, թիչք կ'առնէ դէպի Յորդանան. առաջին հանգրուանը՝ եօթը օրուայ առաքելական ճամբորդութեան, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի ՜՜Իսրայէլ եւ Պաղեստին՝՝։ Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետէն 45 տարի ետք եւ` Յովհաննէս Պօղոս Բ . Քահայանապետի այցելութենէն ինը տարի ետք , Պենետիկտոս ԺԶ. Քահայանապետը՝ Ս. Պետրոսի երրորդ յաջորդն է, որ կ'այցելէ ՜՜Քրիստոնէութեան Ծննդեան՝՝ վայրերը։

Իր այս ուխտագնացութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ ՜՜Շոհայի Յուշաբերդը, Ողբերգութեան Պատը, ինչպէս նաեւ Ամմանի մզկիթը, Նեպօ լեռը, որմէ Մովսէս կարողացաւ տեսնել խոստացեալ երկիրը, Ամմանի ''Ռեժինա Բաչիս''` խաղաղութեան Թագուհի, կեդրոնը, որ կ'ընդունի Յորդանանի քրիստոնեայ թէ իսլամ անկար մանուկները ու Երուսաղէմի ժայռի գմբէթը՝՝։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ. Այիտայի մօտ՝ Բեթղեհէմէն ոչ հեռու ՜՜Պաղեստինեան գաղթավայրը՝՝, որ 1950-ին ՄԱԿը կառուցած էր եւ ուր կը բնակին 4.500 գաղթականներ։

Սրբազան Հայրը Բեթղեհէմի մէջ, պիտի այցելէ նաեւ Գարիթասի կողմէ կառուցուած մանկաբուժարանը, որ ներկայիս կը խնամէ պաղեստինցի 80 մանուկներ։

Իր ԺԲ. առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը, աւելի քան 30 ճառեր եւ քարոզներ պիտի արտասանէ։ Յայտնենք թէ երջ. Պօղոս Զ. Հռոմի Պապը 1964ի՝ 4 էն 6 Յունուար այցելած էր Յորդանանը եւ Իսրայէլը իսկ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ ՜՜Ս. Երկիրը՝՝ այցելեց 2000ի Մարտ 20-26։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի թեմի 19 սարկաւագներուն քահանայական կարգը կը շնորհէ։

Կիրակի 3 Մայիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Պետրոս պազիլիքային մէջ, Պատարագի ընթացքին 19 սարկաւագներու քահանայական կարգը կը շնորհէ։

Իսկ, Հինգշաբթի օրը 30 ապրիլին, Նորին Սրբութիւնը՝ Պենետիկտոս ԺԶ. իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գոլոմբիայի հանրապետութեան նախագահը տիար`Ալվարօ Վելէս, որմէ ետք Գոլոմպիայի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Մանբերթիի հետ։ Խօսակցութիւնը մասնաւորապէս կեդրոնացաւ թմրեցուցիչի պայքարի դէմ եւ ընկերային քաղաքականութեան մասին բարւոքելու՝ կեանքը բոլոր անոնց, որոնք թշուառութեան մէջ կը գտնուին։ Հուսկ խօսուեցաւ նաեւ ՜՜Եկեղեցի եւ Պետութիւն փոխ յարաբերութիւններու մասին՝՝ ազգային խաղաղացումին աշխատանքը ամրապնդելու համար։

իսկ Շաբաթ օրը, առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Փերուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.