2009-05-02 13:27:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Մամետեարով Եւ Նալբանդեան Այս Օրերուն Ուաշինկթըն Պիտի Երթան։

Ըստ ՝՝Ազատութիւն ռատիօկայանին ՝՝ (դիւանագիտական շրջանակներէ իմացած) Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս շաբաթավերջ պիտի երթայ Ուաշինկթըն, ուր պիտի հանդիպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին։ Իսկ ատրպեճանական աղբիւրներու համաձայն, պարզուած է, որ Մայիս 4-5ին, Ուաշինկթըն պիտի գտնուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։



Ճանապարհային Քարտէսը Յուսախաբ կ՝ընէ ԼՂՀ Հասարակական Կազմակերպութիւնները ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող տասնչորս հասարակական կազմակերպութիւններ Ուրբաթ, 1 Մայիսին ունեցած են խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն աւարտին հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ մը,արտայայտելով իրենց յուսախաբութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց հրապարակած միացեալ հաղորդագրութեան նկատմամբ։



Տէր Պետրոսեանի Արտայայտութիւնը Հայաստանի Նախագահի Քաղաքականութեան մասին։

Ուրբաթ կէօսրէ ետք, Մատենադարանին առջեւ տեղի ունեցած ընդդիմութեան հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալով, Լեւոն Տէր Պետրոսեան դրական գնահատական տուած է ՝՝հայ-թրքական՝՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարած արտաքին քաղաքականութեան մասին։ Հայ Ազգային կոնկրեսը, բացառութեամբ իր մասը կազմող մի կազմակերպութեան, կողմ է հայ-թրքական յարաբերութիւններու շուտափոյթ կարգաւորման, եւ պատրաստ է այդ հարցով աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած բոլոր դրական քայլերուն ։ Մեր միակ առարկութիւնը՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման նպատակով հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման մասին է , քանի որ դա այլ բան չի նշանակում, քան Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացում( այսպէս յայտարարած է Լեւոն Տէր Պետրոսեան)։

Նախկին նախագահը նաեւ անդրադարձած Հայաստանի մէջ տնտեսական ճգնաժամին ու անոր հետեւանքներուն։ Հանրահաւաքի ընթացքին խօսք առած են նաեւ Ստեփան Դեմիրճեանը, Արամ Սարգսեանը, Լեւոն Զուրաբեանը եւ Դաւիթ Շահնազարեանը։

Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցած է երթ՝ Մատենադարանէն մինչեւ Հիւսիսային պողոտայ։



Թուրքիա-Հայաստան Կապերու Բարելաւումը Օպամային Իրագործումներէն Մէկը Կը Նկատուի։ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Մայք Հէմըրշ, նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան առաջին 100 օրերը արժեւորելու ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով շարունակուող աշխատանքները կը նկատուին արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ Օպամայի կառավարութեան կարեւոր իրագործումներէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.