2009-05-01 12:42:09

ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ։ Ըստ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք Գերապայծառ Թուալ-ի, Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Սուրբ Երկիր պիտի ՝՝քաջալերէ քրիստոնեաներու վկայութիւնը՝՝։


ՍՈՒՐԲ ԵՐԿԻՐ։ Ըստ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարք Գերապայծառ Թուալ-ի, Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Սուրբ Երկիր պիտի ՝՝քաջալերէ քրիստոնեաներու վկայութիւնը՝՝։ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Գերապայծառ Թուալ Սրբազան Հօր Երուսաղէմ կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան մասին տուած հարցազրոյցի մը մէջ կ՝ըսէ որ ՝՝Սա դժուարին պահուն Նորին Սրբութեան Երուսաղէմ գալը, նոյնպէս դժուար հողաշերտ մը գալը, հանդիպելու տեղւոյն մեծապէս զգայուն բնակչութեան հետ պատճառ է ՝՝խոկումի՝՝։ Ըստ Պատրիարքին ՝՝քրիստոնեաները պէտք է ջանք թափեն ունենալու համար այս այցելութեան կապակցութեամբ առաւել ընդհանուր համապատկեր մը, նկատի ունենալով այցելութեան բոլոր տարողութիւնները՝ ինչպէս քաղաքական,մարդկային ու կրօնական տարողութիւնները ։ Ներկայ դժուար ժամանակներուն կր փափաքիմ որ Սրբազան Հայրը օգնէ մեզի՝յաղթահարելու, գերազանցելու եւ դէպի աւելի հեռուն նայելու. Քահանայապետը կուգայ ացելելու բոլոր Եկեղեցիները եւ բոլոր ժողովուրդները որոնք կ՝ապրին Սուրբ Երկրի մէջ,մեզ քաջալերելու եւ մնալու հաւատարիմ՝ մեր առաքելութեան մեր հաւատքին եւ մեր գիտակցութեան թէ մենք կը պատկանինք այս հողաշերտին՝՝։ Գերապայծառ Թուալ աւելցուցած է նաեւ որ ՝՝Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու մասին յարատեւօրէն կը տեղեկանայ ՝՝թէ դրական ինչպէս նաեւ ժխտական երեւոյթներու մասին,Նորին Սրբութիւնը ծանօթ է մեր վախերուն եւ մեր անձկութիւններուն ու նաեւ մեր յոյսերուն ու մեր ուրախութեան զինք հիւրասիրելով սերտ գործացկութեամբ մը քաղաքացիական բոլոր իշխանութեանց հետ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.