2009-05-01 12:41:47

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին խօսքը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահը տեղի ունեցած համերգային երեկոյթին աւարտին, Նորին Սրբութեան քահանայապետութեան Դ. տարեդարձին առթիւ։


Հինգշաբթի 30 Ապրիլ 2009-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահը, նախաձեռնութեամբը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Ճօրճիօ Նափոլէթանոյի, համերգ մը տրուեցաւ, Հռոմի Պապի Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան Դ. տարեդարձին առթիւ։

Սրբազան Պապը, համերգին աւարտին, շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին, երաժշտական այս սքանչելի մեծարանքին համար։ Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Միլանոյի ՜՜Ճուզեփփէ Վերտի՝՝ կոչուած՝ նուագախումբ-երգչախումբին, ու անոր ղեկավարին՝ չինացի Օր. Շանկ Կցիանկին, որոնք հրամցուցին ներկաներուն ՜՜Վիվալտիի, Հայտընի եւ Մոցարթի՝՝ ստեղծագործութիւններէն կտորներ։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքը եզրափակեց, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին, ըսելով. ՜՜ձեր այս վեհանձն մեծարանքով կարողացաք ոչ միայն պանծացնել գեղեցկութեան իմաստը այլեւ՝ միաժամանակ մեր հոգին հագեցուցիք. եւ ասոր համար կրկին երախտապարտ եմ ձեզի։

Ձեր բարձր առաքելութեան յաջողութիւն կը մաղթեմ՝՝։ Սիրով կ'ողջունեմ,աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, ներկայ պետական անձնաւորութիւնները եւ բոլոր ներկաները։ Սիրեցեալ բարեկամներ շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար։ Ձեր աղօթքներուն մէջ, զիս յիշեցէք, որպէսզի կարենամ պաշտօնս լաւ կատարել Տիրոջ կամքին համաձայն։ Տէրը, որ մեր խաղաղութիւնն է եւ կեանքը, թող օրհնէ ձեզ եւ ձեր ընտանեկան պարագաները։

Նշենք թէ՝ համերգին սկիզբը՝ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը հետեւեալ խօսքը ուղղեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին. ՜՜Սրբազան Հայր, երջանիկ առիթ մըն է որ մեզի կը ներկայանայ, ձեր քահանայապետութեան չորրորդ տարեդարձի սկիզբը, յարգանքի եւ գնահատանքի մեր ջերմ զգացումները յայտնելու, մտածմունքի, հաւատքի ձեր պատգամներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ ձեր նախամտածուած տենդագին յանձնառումին համար մեր ժամանակակից էական հարցերուն ի խնդիր։ Վերջերս ձեր կատարած այցելութիւնը՝ ՜՜Ապրուցօ՝՝ մարզի երկրաշարժի աղէտեալներուն, հոգեւոր ու մարդկային մեծ սփոփանք բերաւ տառապեալներուն եւ քաջալերանք` բոլոր կամաւորներուն որոնք, ինչպէս ըսիք, մեծ սիրով կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։

Ձեր այս հովուական բարձր զգայնութիւնն ու յանձնառումը՝ վասն խաղաղութեան ու արդարութեան, (ըսաւ Իտալիոյ նախագահը) ձեզ մօտ օրէն պիտի առաջնորդեն Ս. Երկիր։ Միջազգային հասարակութիւնը մեծ յոյսեր դրած է որպէսզի այդ աշխարհամասը կայունութիւն գտնէ ։ Ձեր այս առաքելութեան հանմար յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի։ Հուսկ հանրապետութեան նախագահը իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. ՜՜ այս երեկոյ, երաժշտութիւնը դարձեալ մեզ կը միացնէ՝՝ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Միլանոյի ՜՜Ճիւզեփփէ Վերտի՝՝ անուան նուագախումբ-երգչախումբին։








All the contents on this site are copyrighted ©.