2009-04-30 13:42:47

Հայազգի լրագրող՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ծառ մը Փոքրիկ Հայաստանի մէջ:


Միացեալ Նահանգներ-Լոս Անճելըսի Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի, Հայկական առեւտուրի գրասենեակի Փոքրիկ Հայաստանի մասնաճիւղի եւ Stage of the Arts կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով, Վըրմանթ եւ Սանթա Մոնիքա թաղերուն անկիւնը գտնուող Մէթրօի կայարանին շրջափակէն ներս, 25 Ապրիլին տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին շոճիի ծառ մը տնկուեցաւ թուրք ազգայնամոլի մը կողմէ սպաննուած՝ Պոլսոյ Ակօս թերթի հիմնադիր ու խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակին։

Բնիկ Քոմանչէ ցեղախումբի հոգեւոր պետերէն Ճան Քասթիօ կատարեց օրհնութեան արարողութիւնը, իսկ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 45րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Քէվըն տէ Լէոնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Պայծառ Թովմասեան յատուկ վկայագիր մը յանձնեց այս առիթով։

Ներկայ էին նաեւ Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդի անդամներ Իսրայէլ Ստեփանեան ու Հորհէ Լուիզ Ռոտրիկէզ։

Ելոյթներ ունեցան Armenian Observer թերթի խմբագիր Օշին Քէշիշեան ու Պոլսահայ միութեան ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտվին Մինասեան։

Մնայուն ցուցատախտակի մը վրայ պիտի գրուի Մենք՝ ժողովուրդս, շոճիի այս ծառը կը նուիրենք թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակին եւ տիեզերական համերաշխութեան նպատակին՝ 2009ի Արեւելեան Հոլիվուտի Երկրագունդի Օրը։

Ի դէպ, սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Արեւելեան Հոլիվուտի Երկրագունդի Օրուան առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութեանց ծիրէն ներս։





 



 








All the contents on this site are copyrighted ©.