2009-04-30 12:45:45

Վատիկանի Թանգարան - Մատենադարանի զօրակցութիւնը Ապրուցոյի երկրաշարժի աղէտեալներուն


Վատիկանի թանգարանները բացառաբար իրենց դռները պիտի բանան կիրակի 10 Մայիս 2009-ին՝ ժամը 9 էն 14, նպաստելու՝ Իտալիոյ Ապրուցօ մարզի վերակառուցումին, հաղորդած է Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէնութիւնը։ Այդ օրը վաճառուած տոմսերու եկամուտով , տնօրէնութիւնը կը նպատակադրէ իր նպաստը բերել եւ օգնութեան հասնիլ երկրաշարժի զոհերուն։ Պաշտօնեաները իրենց կարգին, Ապրուցոյին կը տրամադրեն իրենց մէկ օրուայ աշխատանքին վարձատրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.