2009-04-29 15:28:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 29 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։

Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Միջին դարու հայրապետներու մասին։ Այսօր ներկայացուց Կ.Պոլսոյ Ճերմանոս Պատրիարքը։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնացնենք Ը. դարու մեծ առաքեալին՝ Կ.Պոլսոյ Ճերմանոս Պատրիարքին վրայ, որ Ը. դարուն իւրայատուկ դեր մը ունեցաւ սրբանկարներու տագնապի ընթացքին։ Ան կարողացաւ դիմադրել Լեւոն Գ. կայսեր, որ կը համարէր թէ կայսրութեան վերազարթնումը պէտք է սկսի հաւատքի արտայայտութեան վերակազմակերպութեամբ, յաչս հեթանոսութեան վտանգին, ըստ որու, ժողովուրդը զոհ է սրբանկարներու չափազանցուած պաշտամունքին։ Ի զուր եղան Ճերմանոս Պատրիարքի կոչերը Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ընդունուած հրաշագործ սրբանկարներու ազդեցութեան մասին։ Կայսրը մնաց աներկդիմի իր որոշումին մէջ։ Եւ երբ 7 յունուար 730-ին վճիռ առաւ սրբանկարներուն դէմ, Ճերմանոս Պատրիարքը մերժեց համակերպիլ կասեր կամքին, ճշմարիտ հաւատքին մէջ պահելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը։ Իր այս որոշումին համար պարտաւորուեցաւ հրաժարիլ ու քաշուիլ մենաստան, ուր, բոլորէն մոռցուած, իր մահկանացու կեանքը կնքեց։ Անոր անունը ի յայտ եկաւ Նիկիոյ Բ. Տիեզերական Ժողովին՝ 787 թուականին, երբ ուղղափառ հայրապետները ճանչցան անոր արժանիքները։ Ճերմանոս Պատրիարքը մեծ զարկ տուած էր ծիսակատարութիւններուն։ Եւ իր գործերէն կարգ մը ճանչցուած են շնորհիւ Մարեամաբանութեան յայտնատեսութիւններու։

Մարեմեան սքանչելի քարոզութիւնները, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, խորապէս դրոշմած են Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հաւատացեալ սերունդները։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խրախուսելով զանոնք ամրապնդելու իրենց հաւատքը Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն անոնց յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցին կը տօնէ Սիեննայի սրբուհի Կատարինէն, Տոմենիքեան կրօնաւորուհի եւ եկեղեցւոյ վարդապետ եւ Իտալիոյ պաշտպան սրբուհին, Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜դուք եւս սրբուհի Կատարինէի նման սիրեցէք Քրիստոսը եւ անոր Եկեղեցին՝՝։

Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը

իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ-ի տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.