2009-04-29 13:17:59

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՕԹԱՆ-Ի ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԲԱՂԿԱՑՈՒՑԻՉ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ (Կ'ԸՍԷ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ)։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, դեսպան Քլաուտիօ Պիզոնիերոն։Ս. Սարգսեան ըսաւ, որ ՝՝եւրոպական ուղղութիւնը կը մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը, եւ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը անոր կարեւորագոյն տարրերէն մէկն է՝՝։ Նախաահը ՕԹԱՆ-ի հետ գործակցութիւնը ՝՝գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան՝՝ ծրագիրի ծիրին մէջ նկատեց իբրեւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան բաղկացուցիչ մաս։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՀԵՏ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ՝ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։ Զրոյցին ընթացքին երկու նախարարները քննարկած են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցերը։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման բանակցութիւններուն նոյնպէս ակնարկուած է։ Հիլարի Քլինթըն ողջունած է Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, զայն գնահատելով իբրեւ պատմական քայլ երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու ճամբուն վրայ։ Քլինթըն իր աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացին, յոյս յայտնելով, որ այդ գործընթացքին դէպի յառաջ քայլեր կ'առնուին։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ։

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը այս անգամ Հայաստանի հարցը քննարկեց միայն դիտարկումի յանձնախումբին մէջ, որ ընդամէնը 15 վայրկեան տրամադրեց հարցի քննարկման։ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր, պատուիրակութեան նոր անդամ Զարուհի Փոստանճեան ելոյթ ունեցան։ Անոնք ներկայացուցին երկու տրամագծօրէն տարբեր իրավիճակներ, մէկը խօսեցաւ բարեփոխումներուն եւ ձեռքբերումներուն, իսկ միւսը՝ իրաւախախտումներուն եւ յառաջընթացի բացակայութեան մասին։ Նշենք, որ վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ ՝՝ռուս-վրացական՝՝ տագնապի հարցը։

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԱԾ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԷՆ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արեւիկ Պետրոսեան 27 ապրիլի երեկոյեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին ըսած է, որ համաձայնական կառավարութեան Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան մասնակցութեան դադրեցումով պայմանաւորուած,նոյն օրը Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Հրայր Կարապետեան իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին դիմում ներկայացուցած է։ Իսկ Արմէն Ռուստամեան եւ Արթուր Աղաբեկեան պիտի հրաժարին, համապատասխանաբար, արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան., ազգային անվտանգութեան ու ներքին գործոց մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու պաշտօններէն։



Պէյրութը Հռչակուեցաւ 2009ի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք։

Ապրիլ 25ին, Պէյրութի Ունէսքօի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Պէյրութը հռչակուեցաւ 2009ի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.