2009-04-28 14:21:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մայիս ամսուայ աղօթքի ընդհանուր ու միսիոնարական դիտաւորութիւնները։


Որպէս աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւն, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը ՜՜աղօթելու որպէսզի քրիստոնեայ աշխարհականները եւ հասարակութիւնները աշխատին քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներու զարգացումին համար՝՝։

Իսկ որպէս աղօթքի միսիոնարական դիտաւորութիւն Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ ՜՜աղօթել որպէսզի նորահաստատ կաթողիկէ եկեղեցիները պատրաստ ըլլան մասնակցելու Եկեղեցւոյ Տիեզերական Առաքելութեան, տրամադրութիւն ցոյց տալով՝ Աւետարանը քարոզելու համայն աշխարհին՝՝։















All the contents on this site are copyrighted ©.