2009-04-27 14:16:09

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը




Երկուշաբթի 27 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պիելոռուսիոյ նախագահը՝ Տիար Ալեքսանտեր Լուքաշէնքօ եւ իր շքախումբը։ Յայտնենք թէ Պիելոռուսիոյ նախագահը Սրբազան Քահանայապետին յանձնեց Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին մէկ նամակը ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ անցեալ տարի՝ 2008ի Յունիսին պաշտօնական այցելութիւն կատարած էր Պիելոռուսիա։ Ալեքսանտեր Լուքաշէնքօ 1994-էն ի վեր երկրին նախագահն է, Եւրոպայի Միութենէն նկատուած՝ որպէս Եւրոպայի վերջին մենատէրը։ Պիելառուսիոյ բնակչութեան 75 տոկոսը օրթոտոքս է, կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 20 առ հարիւրը։

Նորին Սրբութիւնը, ապա, ընդունեց Արխենթինայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Նաեւ ընդունեց Անգլիոյ թագաժառանք՝ Կալլէսի Շառլ իշխանը եւ անոր կողակիցը ՝Գամիլլան Գորնովալիայի դուքսը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։



Կիրակի, 26 ապրիլ 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ Մարեմեան աղօթքը արտասանեց եւ որուն ընթացքին հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. ՜՜Քրիստոսի Յարութիւնը մեր սրտերը լոյսով ողողեց։ Հինգ նոր սուրբերու օրինակին հետեւելով, որ այս առաւօտ հռչակեցի, դուք եւս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ճանչցուցէք Քրիստոսի Աւետարանը։ Թող այս նոր սուրբերը, Ս. Կոյս Մարիամի հետ միասին ըլլան ձեր առաջնորդները եւ օգնականները ձեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Էմմաուսի աշակերտներու նման , ձեր կարգին եղէք վկաները Յարուցեալ Քրիստոսի՝՝։

Իսկ, Երեքշաբթի՝ 28 ապրիլին Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ ՜՜Ապրուցօ՝՝ մարզի երկրաշարժի աղէտեալներուն։ Կէս օրուայ այցելութեան ընթացքին, Հռոմի Պապը տեսակցութիւն պիտի ունենայ բազմաթիւ անձերու հետ եւ մասնաւորապէս աղէտեալներուն օգնութեան հասնող կազմակերպիչերուն հետ։ Պիտի այցելէ վրանաբնակողները ու նաեւ հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարէ։ Յայտնենք թէ այս երկրաշարժի հետեւանքով շուրջ 300 հոգի մեռան եւ այժմ շատեր անօճախ են։

Կէսօրին` նախքան Ապրուցոյէն մեկնիլը՝ Սրբազան Հայրը Ողջ Լեր Թագուհի Մարմեան աղօթքը պիտի արատասանէ եւ ՜՜Ոսկիէ Վարդ՝՝ մը պիտի զետեղէ ՜՜Ցաւագին Տիրամօր)) արձանին ոտքը , շատ մեծարուած՝ Ռոյօ գիւղի բնակիչներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.