2009-04-27 13:23:05

Հայազգի արձանագործ Արթօ Չաքմաքճեան պիտի պարգեւատրուի ՜՜Նարեկացի՝՝ շքանշանով


ՈՒԷՍԹՈՒՈՒՏ/Միացեալ Նահանգներ։ UCLA-ի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներու տարեկան եօթներորդ ճաշկերոյթի ընթաքին որ տեղի պիտի ունենայ 3 Մայիս 2009-ին, յիշեալ համալսարանի ուսուցչական կեդրոնին մէջ, ՜՜Նարեկացի՝՝ շքանշանը պիտի շնորհուի Հայազգի յայտնի արձանագործ Արթօ Չաքմաքճեանին։

Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած եւ Քանատայի (1992էն ի վեր) ու Բրիտանիոյ (2002էն ի վեր) Արուեստից ակադեմիոյ անդամ Արթօ Չաքմաքճեան, ծնած է Եգիպտոս եւ 1948ին ընտանիքին հետ ներգաղթած՝ Հայաստան, ուր ստացած է իր մասնագիտական ուսումը։ 1960ական թուականներուն ան ՜՜հայկական արուեստի նորարարութեան շարժումին ներկայացուցիչը կը համարուէր արձանագործութեան մէջ՝՝, Սերգէյ Փարաճանովի եւ Ֆրունզէ Դովլաթեանի (շարժապատկեր), Մինաս Աւետիսեանի ու Վրոյր Գալստեանի (նկարչութիւն) եւ Պարոյր Սեւակի (գրականութիւն) կողքին։

Չաքմաքճեանի գործերէն մէկը՝ ՜՜Հիրոշիման՝՝ շահեցաւ Մոսկուայի խաղաղութեան յանձնախումփին կազմակերպած մրցանքին առաջնութիւնը եւ զետեղուեցաւ ամերիկեան հիւլէական յարձակումի զոհ դարձած ճափոնական այդ քաղաքին մէջ։

1975ին Արթօ Չաքմաքճեան Քանատա փոխադրուելով՝ արձանագործութեան դասընթացքներ տուաւ զանազան համալսարաններու եւ արուեստի վարժարաններու մէջ, միաժամանակ շարունակելով ստեղծագործել։ Արթօ Չաքմաքճեանի գործերէն մէկն է Տիթրոյիթի քաղաքամէջը զետեղուած՝ ՜՜Կոմիտասի՝՝ արձանը։

Եունէսքօ-ի նախաձեռնութեամբ, 2010-ին Փարիզի՝ ՜՜Միրօ՝՝ սրահին մէջ կայանալիք իր ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսին պատրաստուող՝ արուեստագէտը, ներկայիս Մոնթրէալ եւ Փարիզ կապրի։

Արթօ Չաքմաքճեան 2005ին Հայաստանի նախագահէն ստացաւ ՜՜Խորենացի՝՝ շքանշանը, իսկ 2006ին՝ Թէքէեան մշակութային միութեան արձանագործութեան ՜՜Ոսկեայ ՝՝շքանշանը։

UCLA-ի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներու տարեկան եօթներորդ ճաշկերոյթին ընթացքին, արուեստագէտը մասնակիցներուն պիտի ներկայացնէ արուեստի մասնագէտ Նիրի Մելքոնեանը, որ հիմնադիրն է ՜՜N.K Artsին՝՝, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընկերային ու տնտեսական վերելքին նպաստող ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է։

Ձեռնարկին կազմակերպիչ մարմնին համա-ատենապետներն են Զաւէն Խաչատուրեան եւ Յասմիկ Պարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.