2009-04-27 13:19:59

Հայ Մտաւորականի Վաւերական Տիպարը՝


 









Հայ Մտաւորականի Վաւերական Տիպարը՝

Բանաստեղծ, Հրապարակախօս եւ մեծ Դաստիարակ ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ(1851-1907)։ Ապրիլ 21ին,102 տարի առաջ 1907ին, 56 տարեկանին կը մահանար հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան անուանի երախտաւորներէն Ռեթէոս Պէրպէրեան։ Հայ մտքի եւ մշակոյթի, հայ գիրի ու դպրութեան մշտարթուն պահակներէն եղաւ Ռեթէոս Պէրպէրեան, որ թէ՛ սեփական ստեղծագործական իր ներդրումով հարստացուց հայ գրական անդաստանը, թէ՛ կրթական-ուսուցչական իր անձնուէր ծառայութեամբ հայոց ազգային արժէքներն ու աւանդները լիարժէք փոխանցեց իրերայաջորդ սերունդներուն։ Ծնած էր 1851ին, Խասգիւղ(Պոլիս)։ Թաղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ ստացաւ իր նախակրթութիւնը, որ զարգացուց եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ Պոլսոյ օտար վարժարաններու մէջ, բայց յատկապէս ինքնազարգացման շեշտակի եւ անդուլ ճիգով։ Կանուխ տարիքէն դրսեւորեց մանկավարժական իր կոչումին ուղղութեամբ նուիրում, որ եւ դարձաւ իր կեանքին մղիչ ուժը։ Հազիւ 25 տարեկան էր Ռ. Պէրպէրեան, երբ 1876ին ձեռնարկեց նախ Գատըգիւղի, ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին։ Եւ իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը բառին բուն իմաստով սերընդակերտումի օճախ դարձաւ արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ ներգրաւելով ոչ միայն Պոլսոյ, այլեւ գաւառներու նորահաս սերունդը գիշերօթիկի իր բաժնով։Սիամանթոյի, Վահան Թէքէյեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի տարողութեամբ բանաստեղծ ու մտաւորական մեծութիւններ հասցուցած Պէրպէրեան վարժարանը սկիզբէն եղաւ դաստիարակչական մեծ կոչումի տէր հաստատութիւն։ Մինչեւ 1907ի իր մահը, իբրեւ վարժարանին տնօրէնը եւ ուսուցչապետը, Ռեթէոս Պէրպէրեան հոգեմտաւոր արժէքներու՝ գեղեցիկին, բարիին եւ հանրօգուտին ծառայելու իր խառնըւածքը, հայեցի աշխարհայեացքն ու աննիւթական արժէքներու պաշտամունքը անմնացորդ փոխանցեց իր աշակերտներուն։ Դաստիարակչական մարզին մէջ, Պէրպէրեան վարժարանը չեղաւ իր սաներուն միայն կեանքի եւ գործի մէջ յաջողելու պատրաստութիւն ջամբող կրթական ընթացիկ հաստատութիւն մը, այլ՝ մարդու ազնուական կերպարի կազմաւորման հնոց մը դարձաւ։

Ռեթէոս Պէրպէրեան միշտ իր անձին օրինակով ու գործով սերմանեց, մշակեց եւ տարածեց իր գաղափարներն ու համոզումները։ Եւ բնաւ ալ պատահական չէ, որ իրենց հօր օրինակին հետեւեցան եւ անոր արժանաւոր յաջորդները դարձան Ռեթէոսի երեք զաւակներն ալ՝ Օննիկ, Շահան եւ Մաննիկ Պէրպէրեաննները։ Անոնք ոչ միայն պահպանեցին ու շարունակեցին Պէրպէրեան վարժարանի առաքելութիւնը իրենց հօր մահէն ետք (մինչեւ 1920ականներուն Գահիրէ փոխադրութիւնն ու նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով փակումը), այլեւ՝ հեղինակաւոր դէմքեր դարձան յաջորդաբար իբրեւ երաժիշտ, գեղագէտ-հոգեբան -իմաստասէր եւ բանաստեղծուհի։Իբրեւ բանաստեղծ՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան երիտասարդ իր տարիքին հրատարակեց ՝՝Առաջին տերեւք՝՝ անունով գրքոյկ մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցին տիպական վկայութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ, բայց բանաստեղծական իր երկրորդ հատորը, իր կնոջ մահէն ետք 1903ին հրատարակուած ՝՝Խոհք եւ յուշք՝՝ շարքը արդէն կը դրսեւորէ սիրոյ եւ ընտանեկան արժէքներու խոր յոյզեր ու ապրումներ, որոնք նաեւ այսօր կեանքի ընկերոջ կորուստին վիշտով ու խոհականութեամբ կը համակեն ընթերցողը։1901ին լոյս տեսած ՝՝Դաստիարակի մը խօսքերը՝՝ եւ 1907ին հրատարակուած ՝՝Դպրոց եւ դպրութիւն՝՝ ու ՝՝Մարդիկ եւ իրք՝՝ գործերը ընթերցողին առջեւ կը բանան ինքնազարգացման ու ինքնամշակման՝ գեղեցիկի, բարիի եւ ազնուականի պաշտամունքով յատկանշուող խոհուն աշխարհ մը, որ մնայուն պատուանդանը եղաւ հայ մտաւորականի օրինակելի տիպար' Ռեթէոս Պէրպէրեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.