2009-04-27 13:12:25

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։


 ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։



ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՕՊԱՄԱՆ ԹՈՒՐՔ ԶՈՀԵՐԸ ՉՆՇԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ.

՝՝ԾԱՆՐ ԽՕՍՔԵՐ՝՝ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՍԱՀՄԱՆՈՒԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻն

ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ուրբաթ օր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով նախագահական տարեկան ուղերձին մէջ ճիշդ է որ զգուշացաւ Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ բայց սական երկու անգամ զայն փոխարինեց Մեծ Եղեռն արտայայտութեամբ։ Օպամա 24 Ապրիլի իր ուղերձին մէջ ըսաւ որ Իննսուն չորս տարի առաջ 20-րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւններէն մէկը սկիզբ առաւ։ Իւրաքանչիւր տարի կանգ կ'առնենք յիշելու 1.5 միլիոն հայերը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին ջարդուեցան կամ դէպի իրենց մահը առաջնորդուեցան։ Մեծ Եղեռնը պէտք է մեր յիշողութեան մէջ ապրի այնպէս, ինչպէս ան կը շարունակէ հայ ժողովուրդի սրտին մէջ ապրիլ։ Անլոյծ պատմութիւնը կրնայ ծանր բեռ մը ըլլալ։ Ճիշդ ինչպէս 1915-ի դէպքը մեզի կը յիշեցնէ մարդու նկատմամբ անմարդկայնականութեան խաւար հեռանկարը, անցեալին հետ հաշտուիլը' հաշտութեան ուժեղ պատգամը կը փոխանցէ։ Կանոնաւոր կերպով յայտարարած եմ 1915-ին պատահածին վերաբերեալ իմ տեսակէտս, եւ պատմութեան վերաբերեալ իմ տեսակէտը չէ փոխուած։ Հետաքրքրութեանս առարկան կը շարունակէ մնալ իրողութեանց ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը։Ես նաեւ զօրավիգ կը կանգնիմ իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ջանքերուն։ Երկու կառավարութիւնները, զուիցերիական հովանաւորութեամբ բնականոնացման ծիրի մը եւ ճամբու քարտէսի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են։ Կը գնահատեմ այս յառաջդիմութիւնը, եւ անոնց կոչ կուղղեմ այդ խոստումը յարգելու։ Օպամա իր ուղերձի վերջաւորութեան կը նշէ, որ ոչինչ կրնայ ետ բերել Մեծ Եղեռնի կորուստները, սակայն բոլոր հայերը այս 94 տարիներու ընթացքին իրենց աշխուժութեամբ,զօրակցութեամբ ու կատողութեամբ կրցան դիմադրել զիրենք բնաջնջել ուզողներու դէմ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ նախորդ օրուան խօսքերը կը նկատէ պատմութեան անընդունելի մէկ մեկնաբանութիւնը որ իրականութիւնները չարտացոլեր, Էրտողան ընդծած որ Թուրքիա երկարատեւ ջանքեր կը թափէ հարցը քննարկելու եւ 1915-ի դէպքերը պատմաբաններուն կողմէ լուսաբանելու համար, սակայն իր բարի կամեցողական առաջարկները, ինչպէս՝ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելը նկատի չեն առնուիր։ Թուրքիոյ վարչապետը կը շեշտէ որ Օպամայի ուղերձը Թուրքիան կը յուզէ, այդ յայտարարութիւն մըն էր, որ կը յարգէ ընտրական շրջանին կատարուած խոստումները։

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԳՐԷ։ ՝՝Ճումհուրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը գրէ որ ըստ ՝՝ճամբու քարտէսին՝՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը սկիզբը պիտի բացուի կարճ ժամանակամիջոցներու համար։ Ըստ օրաթերթին, սահմանը ամբողջովին պիտի բացուի մէկ տարիէն։ Իսկ ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթը կը յայտնէ, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան միջ-կառավարական խորհուրդ մը պիտի կազմեն եւ քննարկեն բոլոր հարցերը՝ տնտեսութենէն մինչեւ փոխադրամիջոցներ։

Գալով ՝՝Սապահ՝՝ օրաթերթին տեղեկութեանց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը համաձայնութեան մէջ չէ ներառուած, բայց եւ այնպէս, նշուած է, թէ այդ հարցը Տէ ֆաքթօ առնչուած պիտի մնայ ՝՝ճամբու քարտէսին՝՝ որ առնուելիք զուգահեռ քայլեր պիտի ներառէ։ Ըստ Սապահ թերթի ստացած տեղեկութեանց, համաձայնութիւնը պիտի ունենայ հետեւեալ կէտերը։

- Հայաստան պէտք է ճանչնայ Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Կարսի համաձայնութիւնը։ Համաձայնութիւնը բանակցելի չէ։

- Երրորդ երկիրներ կրնան մաս կազմել Ցեղասպանութեան հարցով զբաղող պատմաբաններու յանձնախումբին։

- Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը պիտի բացուի եւ առեւտուրի համար հարկ եղող տնտեսական համաձայնութիւնները պիտի ամբողջացուին։

- Երկու երկիրները սկիզբը միասնաբար Թիֆլիսի դեսպանութիւնները պիտի լիազօրեն, ապա Անգարայի եւ Երեւանի մէջ դեսպանատուներ բանան։

- Ճամբու քարտէսին մէջ համաձայնութիւնները, որոնք խորհրդարանի վաւերացման կը կարօտին, պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ խորհրդարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.