2009-04-26 14:11:43

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Գ կիրակի յինանց կանաչ կիրակի

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն, գլուխ 3, 1-12 համարները։


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

Գ կիրակի յինանց կանաչ կիրակի

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն, գլուխ 3, 1-12 համարները։



Նիկոդեմոսի տեսակցութիւնը

Փարիսեցիներուն մէջ Նիկոդեմոս անունով մարդ մը կար, հըրեաներու իշխանաւորներէն մէկը։ Այս մարդը (Յիսուսի) քով եկաւ գիշերով եւ անոր ըսաւ Ռաբբի, գիտենք, որ Աստուծոյ կողմէ, իբրեւ վարդապետ եկած ես դուն, որովհետեւ ոչ մէկը կրնայ ընել այդ նշանները, որոնք դո՛ւն կը գործես, եթէ Աստուա՛ծ չըլլայ անոր հետ։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր եւ ըսաւ Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, եթէ մէկը նորէ՛ն չծնի, տեսնել չի՛ կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Նիկոդեմոս ըսաւ անոր Ինչպէ՞ս կրնայ (նորէն) ծնիլ մէկը, որ ծնած է արդէն , կարելի բա՞ն է կրկին մօր ծոցը մտնել եւ (վերստին) ծնանիլ։ Յիսուս պատասխանեց անոր եւ ըսաւ Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, եթէ ջուրէն եւ Հոգիէ՛ն ծնելու չըլլայ մէկը, չի՛ կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, մինչ Հոգիէն ծնածը՝ հոգի։Մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի, թէ Դարձեալ պէտք է որ ծնիք, որովհետեւ հո՛ն կը փչէ հովը, ուր ի՛նք ուզէ անոր ձայնը կը լսես, բայց չե՛ս գիտեր, թէ ուրկէ՞ կու այ, կամ ո՞ւր կերթայ այսպէս է նաեւ բոլոր անոնց պարագան, որոնք Հոգիէն ծնած են։ Նիկոդեմոս պատասխանեց եւ ըսաւ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ այդ։

Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ Իսրայէլի վարդապետ ես եւ դո՞ւն չես գիտեր այդ։

Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ քեզի, թէ ինչ որ գիտենք՝ մենք ա՛յդ կը խօսինք եւ ինչ որ անձամբ տեսանք՝ անոր վկայութիւնն է, որ կու տանք, բայց դուք՝ մե՛ր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ Հիմա, որ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք այն ատեն հաւատալ, երբ երկնքէ՛ն բաներ ըսելու ըլլամ ձեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.