2009-04-25 13:08:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Պոլիվիայի կարտինալին որ մահափորձի թիրախ եղած է. ՜՜ ամէն բռնարարք դատապարտելի է՝՝ ըսած է Նորին Սրբութիւնը։


Սրբազան Քահանայապետը իր զօրակութիւնը յայտնած է Պոլիվիայի ՜՜Սանդա Գրուզ ՝՝ թեմի առաջնորդին կարտինալ Սանտովալին, որ անցեալ ապրիլ 15ին թիրած եղած էր մահափորձի բռնարարքի մը։ Յայտնենք թէ Պոլիվիայի ձախակոմեան նախագահ՝ Էվօ Մորալէս, յաճախ ամբաստանած է Սանդա Գրուզի առաջնորդը, որպէս համակիր ընդդիմութեան։

Նոյնպէս Արխենթինայի եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են բոլոր այն եկեղեցականներուն համար որոնք իրենց հովուական աշխատանքը կը կատարեն մայրաքաղաքի աղքատ թաղամասերու մէջ։ Անոնք յաճախ մահուան սպառնալիք կ'ընդունին թմրեցուցիչի վաճառականներէն։ Յայտնենք թէ Արխենթինայի աղքատ թաղամասերու երիտասարդութիւնը զոհ է ալքոլի եւ քիմեական թմրեցուցիչի։ Եկեղեցին իր քահանաներու միջոցաւ կ'աշխատի հեռացնել երիտասարդները այդ պատուհասէն։

ԱՊՐԻԼ 24, 2009 - Խունկի եւ աղօթքի օր է այսօր։ Ազգովին կ'ոգեկոչենք Մեծ Եղեռն բազմաբիւր մեր նահատակներուն նուիրական ու անմոռաց յիշատակը։ Մեր Մեծ Երազին ի խնդիր զոհուեցան միլիոնաւոր մեր քոյրերն ու եղայրները, մարտիրոսացան բիւրաւոր մեր հերոսները։

Ուխտի՛ օր ալ է այսօր։ Իւրաքանչիւրիս պարտքն է յարաճուն կորովով, կիրքով եւ վճռականութեամբ նոր զարթօնք շնորհել ազգային մեր գիտակցութեան ու զգացումներուն հաշտ ըլլալէ ետք մեր խիղճերուն հետ, մենք պարտինք նաեւ վերանորոգել ազգային նուիրական մեր ուխտը անդադրում կերպով շարունակելու անզիջող մեր պայքարը յանուն անսակարկելի մեր պահանջատիրութեան, որպէսզի հաւաքաբար նուաճենք մեր Մեծ Երազի իրականացումը եւ, բռնագրաւեալ մեր բոլոր հողերու ազատագրումով ամբողջական դարձած սրբազան մեր հայրենիքի հողին վրայ, ապրինք իբրեւ մէկ եւ անբաժանելի ժողովուրդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.