2009-04-25 12:54:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԱՆԳԱՐԱ ԴԺԳՈՀ ՕՊԱՄԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԷՆ։Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայ ճիշդ է որ երէկ ԱՊՐԻԼ 24 չօգտագործեց Ցեղասպանութիւն բառը գործածելով ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ բառը բայց պէտք է ըսել որ մինչեւ այսօր արտասանուած ամենածանր պատգամն էր երկուայ պատգամը լոյս տեսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ գրի առնուածԱմերիկայի Միացեալ նահանգներու Նախագահի մը կողմէ։ Ամերիկայի նախագահը միաժամանակ վերահաստատեց իր անձնական գաղափարը Հայերու ենթարկուած կոտորածի մասին ինչպէս որ քանիցս արտայայտած էր,իր պատգամին սկիզբը ըսելով որ ՝՝94 տարի առաջ սկիզբ կ՝առնէր 20երորդ դարու ամենամեծ ջարդերէն մէկը եւ թէ ինչպէս որ Հայ ժողովուրդը կ՝ապրի մեր սրտերուն մէջ նոյնպէս ՄԵԾ ԵՂԵՌՆը պէտք է ապրի մեր յիշողութեան մէջ՝՝։ Ապա Օպամա իր պատգամին մէջ կը գնահատէ բոլոր Հայերը որոնք այս 94 տարիներու ընթացքին իրենց զօրութենականութեամբ,զօրակցութեամբ եւ կարողութեամբ դիմացան զիրենք բնաջնջողներու դէմ՝՝։Անշուշտ Անգարա գոհ չէ պատգամէն,նախ անոր համար որ Օպամա երկու անգամ գործածած է ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ բառը հայերէով ,ապա այս պատգամը իր բովանդակութեամբը ու բառերովը մինչեւ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահի մը կողմէ արտասանուած ամենախիստ 24 Ապրիլեան Պատգամն է։Երկու տողով յիշենք 24 Ապրիլ 1915ի գիշերը երբ նախապէս պատրաստուած դաւով մը թուրք յայտնի թէ գաղտնի ոստիկաններ ու գործակալներ կը ձերբակալեն ու յաջորդ օրն իսկ դէպի կայսրութեան ներսը կաքսորեն Պոլսոյ հայ մտաւորական ընտրանիի 200-250 անդամները։Այս դէպքը այնքան կարեւոր համարուած է, որ Ապրիլ 24ի Աղէտ անունով կոչուած է սկիզբը հայոց պատմութեան ամէնէն

չարաբաստիկ դէպքը՝ 1915ի հայոց կոտորածը։Չարաղէտ այդ գիշերուան եւ անոր յաջորդող օրերուն ու ամիսներուն հայ մտաւորականութեան պատահած դէպքերու մասին հաւաստի ականատեսի տեղեկութիւններ տուած է Պոլսահայ մտաւորական, հրապարագիր ու կրթական մշակ Միքայէլ Շամտանճեան՝՝Հայ մտքին հարկը Եղեռնին՝՝

վերնագրուած իր յուշերուն մէջ։



Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Հակիրճ Ակնարկ մը Աշխարհի Տարբեր Շրջաններու Մէջ։ ՊԵՌԼԻՆ- Պերլինի Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ տեղի ունենաւ ցոյց մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Ցոյցին մասնակցեցան Գերմանիոյ հայերը եւ արտասահմանցիներ, որոնք կը պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Freie Universitat Berlin-ի նախագահ Ժիրայր Խաչատրեանը ելոյթ ունենալով ներկայացուց ՝՝1915ին սպաննուած հեղինակները՝՝ զեկոյցը։ ՄՈՍԿՈՒԱ- ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը եւ Ռուսիոյ հայերու միութիւնը Ապրիլ 24ին բողոքի քայլարշաւ կազմակերպեցին Կրասնոպրեսնենսկայա Զաստաւա հրապարակին վրայ։ Հաւաքին մասնակցած են Ռուսիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները, հրէական, յունական, ասորական, քրտական եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ- Ապրիլ 26ին Երուսաղէմի Հրէական համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հայագիտութեան համալսարանի փրոֆեսէօր Մայքըլ Սթոուն յայտնած է, թէ միջոցառումը պիտի կայանայ Պէյթ-Պելջիի մէջ եւ ընթացքին պիտի ներկայացուին եօթը տարբեր զեկոյցներ։

ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ- Լատին Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 94ամեակի նշումներ տեղի ունենցան Արժանթինի տարածքին՝ Պուէնոս Այրէսի, Քորտոպայի, Ռոզարիոյի, Ռիօ Քալէկոսի, Մենտոզայի, Մար Տէլ Փլաթայի, Ռիօ Նեկրոյի մէջ, ինչպէս նաեւ Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Չիլիի, Մեքսիքոյի եւ Վենէզուէլլայի մէջ։Պուէնոս Այրէսի մէջ Շաբաթ 25 Ապրիլին համար ծրագրուած է SCREAMERS ժապաւէնի ցուցադրութիւնը ՀՅԴ Արժանթինի Երիտասարդական Միութեան կողմէ,ի ներկայութեան բեմադրիչ Գարլա Կարապետեանի։Հայոց Ցեղասպանութեան 94ամեակի ծիրէն ներս, Ուրուկուէյի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ուրուկուահայ թեմի Կեդրոնական վարչութիւնը, Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներուն համար կազմակերպեցին հրապարակային քաղաքական հաւաք, քայլարշաւ եւ ծաղկեպսակի զետեղում։ ԱպաԿեդրոնական Ոգեկոչման ձեռնարկ Ուրուկուէյի խորհրդարանի հանդիսասրահէն ներս՝ կազմակերպութեամբ խորհրդարանի նախագահութեան։ Կը կատարուին նաեւ հոգեհանստեան արարողութիւններ։Իսկ Երկուշաբթի, 27 Ապրիլին, Ուրուկուէյի պետական համալսարանի Իրաւաբանութեան կաճառի կեդրոնական սրահէն ներս, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ ցուցադրութիւնը SCREAMERS ժապաւէնին,դարձեալ բեմադրիչ Գարլա Կարապետեանի ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.