2009-04-24 14:55:16

Վատիկանի մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը ՜՜Ս. Աթոռի եւ Արաբական Լիկայի՝՝ միջեւ։


Պենտիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 24 Ապրիլ 2009-ին ընդունեց Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար՝ Ամր Մուսան եւ իր կողակիցը

Յայտնենք թէ Հինգշաբթի 23 Ապրիլին, Վատիկանի մէջ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը ՜՜Ս. Աթոռի եւ Արաբական Լիկայի՝՝ միջեւ։

Վատիկանի կողմէ վաւերագիրը ստորագրեց Ս. Աթոռի արտգործ նախարար՝ գերապայծառ Մանբերթին իսկ արաբական լիկայի անունով՝ Լիկայի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տիար Ամր Մուսա, ներկայութեամբ՝ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու։ Յիյշեալ վաւերագիրը կը նպատակադրէ ՜՜ամրապնդել համագործակցութիւնը Վատիկանի եւ Արաբական Լիկայի միջեւ, մասնաւորապէս քաղաքական ու մշակութային գետնի վրայ ի նպաստ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ շրջանային ու միջազգային կայունութեան. նոյնպէս, կը միտի զարգացնել նախաձեռնութիւնները միջկրօնական երկխօսութեան գետնի վրայ՝՝։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.