2009-04-24 13:19:43

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Այսօր 24 ԱՊՐԻԼ կ՝ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 94րդ ամեակը որ կը զուգադիպի հայութեան համար ճակատագրական պահերու։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշենք նաեւ որ վաւերագրուած է հարիւրաւոր լուսանկարներով, որոնք յստակօրէն կը պատկերացնեն մարդկային ողբերգութիւնը ու զրկանքները, նուաստացումներն ու կեանքի համար մաքառումները որոնց ենթարկուեցան մեր ազգին զաւակները,մեր մեծմայրերը մեր մեծհայրերը մեր հարազատները որոնք չկրցանք ճանչնալ ։ Այս լուսանկարները միաժամանակ լուրջ փաստեր են թրքական ժխտողականութեան դէմ։ Ամէն տարուան նման, Ապրիլ 24ի նախորդող գիշերը Մայր Հայրենիքի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութեանց կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ջահերով երթը՝ Մատենադարանէն դէպի Ծիծեռնակաբերդ։Տեղատարափ անձրեւը չկրցաւ արգելք հանդիսանալ այս երթին հազարաւորներու մասնակցութեան։Նախօրեակին հրապարակուած հայ-թրքական միացեալ հաղորդագրութիւնը(թրքական քաղաքականութեամբ ) յայտնօրէն մեծ ընդվզում յառաջացուցած է երթի մասնակցողներուն մօտ,զանոնք մղելով ի նշան բողոքի, այրելու թրքական դրօշակը որ պատշաճ ժէսթ մը չէ։Նշենք, որ Հինգշաբթի երեկոյեան, Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի առաջնորդութեամբ, հոգեհանստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն։Հաւաքը նախաձեռնուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական միութեան կողմէ։ Հաւաքէն ետք, տեղատարափ անձրեւը անտեսելով՝ երիտասարդները, Եղեռնը դատապարտող պաստառներով եւ ջահերով քալեցին մինչեւ Ստեփանակերտի Յուշահամալիր, ուր տեղի ունեցաւ սուգի դատապարտման ցոյց։՝՝Ցեղասպանութիւնը սակարկութեան նիւթ չէ՝՝ ՝՝Մարդկային կեանքը քաղաքականութիւն չէ՝՝ կոչերը կրող իրենց

ցուցապաստառներով պատգամեցին արցախցի երիտասարդները ,պահանջելով Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Միւս կողմէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ տասնեակներով դեմոկրատական եւ հանրապետական քոնկրեսականներ աւելի քան հինգ հարիւր հայերու հետ 22 ապրիլի երեկոյեան ՝՝Քափիթըլ Հիլի՝՝ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման հաւաք մը կատարած են։Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի (Դեմոկրատական-Քալիֆորնիա) եւ ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր (Դեմոկրատական-Մերիլենտ) իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ ուժեղ կերպով իրենց անձնական յանձնառութիւնը ցուցաբերած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ դատապարտումին եւ ոգեկոչումին նկատմամբ։

Փելոսի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու ժամանակը արդէն բաւական ուշացած է։ Ան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան քոնկրեսական որոշումին մէջ այս տարի արձանագրուելիք յառաջխաղացքը կախեալ է ներկաներէն իւրաքանչիւրին քուէարկութեան ընթացքին յաղթանակ ապահովելու ուղղութեամբ կատարելիք ջանքերէն։



Սերժ Սարգսեան Եւ Տիմիթրի Մետվետեւ Կը Հանդիպին Լրագրողներու Հետ

Մոսկուայի մէջ։Ապրիլ 23ին կայացան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի բանակցութիւնները, որոնց աւարտին, ըստ ՝՝Նովոսթի՝՝ լրատու գործակալութեան, Մետվետեւ յայտարարեց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին վերաբերեալ յուսադրող որոշ յառաջխաղացում կայ։ Իսկ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան երախտապարտ է Ռուսիոյ Ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղութեամբ անոր ներդրած աւանդին համար, ապա գոհունակութեամբ նշեց, որ՝՝Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Ռուսաստան այցից յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի շուրջ Ռուսաստանի դիրքորոշումն անփոփոխ ու կայուն է մնացել՝՝։ Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններու մասնակցութեամբ նոր հիւլէական ելեկտրակայանի շինարարութիւնը առիթ պիտի ընծայէ, որ յառաջիկայ երեք-չորս տարուան ընթացքին ռուսական 1250 ընկերութիւններու ընդհանուր ներդրումներուն ծաւալը աճի 2.5 միլիառ տոլարէն՝ 5 միլիառի։ Նախագահ Սարգսեան նեաւ նշեց, թէ հակառակ տնտեսական ճգնաժամին, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքա-շրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 1.066 միլիառ տոլար։








All the contents on this site are copyrighted ©.