2009-04-21 20:14:59

Քրիստոնէականի ուսուցում' Զրոյց 38-րդ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները

Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը


Քրիստոնէականի ուսուցում' Զրոյց 38-րդ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները

Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը



286-Ի՞նչ տեսակ պաշտամունք մատուցանելու է Գոհութեան Խորհուրդին։

Մատուցանելու ենք աստուածային պաշտամունքը, այսինքն՝ միայն Աստուծոյ վերապահուած երկրպագութիւնը, ըլլա՛յ Գոհութեան Խորհուրդին հանդիսակատարումին ատեն, ըլլա՛յ անկէ դուրս։ Հետեւաբար Եկեղեցին մեծագոյն գուրգուրանքով կը պահպանէ սրբագործուած նշխարը, զայն կը տանի հիւանդներուն եւ պատարագին մասնակցելու անկարող անձերուն։ Զայն հաւատացեալներուն հանդիսաւոր երկրպագութեան կը ցուցադրէ, զայն թափօրով կը տանի եւ հրաւէր կ՛ուղղէ որ տապանակի մէջ պահուած Ս. Հաղորդութիւնը այցելենք եւ երկրպագութիւն ընենք։



287-Ինչու՞ Ս Հաղորդութիւնը զատկական սեղանն է։

Ս Հաղորդութիւնը զատկական սեղանն է, քանի որ Քրիստոս Իր Զատիկը խորհրդենապէս կրկին կատարելով, մեզի կ՛ընծայէ Իր Մարմինն եւ Իր Արիւնը որպէս սնունդ եւ ըմպելի։ Իր զոհով՝ մեզ իրարու եւ Իրեն կը միացնէ։



288-Խորանը ի՞նչ կը նշանակէ։

Խորանը նոյնինքն Քրիստոսի խորհրդանիշն է, ուր Ան ներկայ է իբր զոհական ընծայ խորան-խաչի զոհարան, իսկ մեզի համար ալ կ՛ընծայուի իբր երկնային սնունդ խորան-սեղան հաղորդութեան։



289-Եկեղեցին Ս. Պատարագի մասնակցութիւնը ե՞րբ պարտաւորիչ կը դարձնէ։

Եկեղեցին Ս Պատարագի մասնակցութիւնը հաւատացեալներուն պարտաւորիչ կը դարձնէ բոլոր Կիրակիներուն եւ պարտաւորիչ տօներուն, միանգամայն նաեւ ամէնօրեայ մասնակցութիւնը կը յանձնարարէ։



290-Ե՞րբ պէտք է Ս Հաղորդութեան մերձենալ։

Եկեղեցին Ս Պատարագի մասնակցող հաւատացեալներուն կը յանձնարարէ, որ նաեւ Ս. Հաղորդութեան մերձենան պատշաճ տրամադրութիւններով, իսկ զայն գոնէ Զատկին պարտադիր կը դարձնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.