2009-04-21 20:15:36

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքին պատգամը Քրիստոսի ս. Յարութեան տօնին` Եւրոպան հոգեւոր խոր տագնապի մէջ կը գտնուի։


Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքին պատգամը Քրիստոսի ս. Յարութեան տօնին` Եւրոպան հոգեւոր խոր տագնապի մէջ կը գտնուի։



Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղին գնահատումով Եւրոպան հոգեւոր լուրջ տագնապի մէջ կը գտնուի։ Եթէ Ռուսիան ճանչցաւ աստուածամերժութիւնը համայնավարութեան տարիներուն, արեւմտեան Եւրոպան հոգեւոր մեծ անկումի մէջ կը գտնուի եւ ասիկա կը նպաստէ ընկերութեան տկարացումին։ Արեւմտեան Եւրոպայի քրիստոնեաները ատակ չեն նեցուկ կենալու իրենց ժողովուրդին որ անձկութեան մէջ կ'ապրին։

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նոր պատրիարքը իր գահակալութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը որ օրթոտոքս եւ կաթողիկէ եկեղեցիները միասնաբար գործեն միջազգային գետնի վրայ կեանքի եւ քրիստոնեական արժէքներու պահպանումի ի խնդիր Եւրոպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.