2009-04-21 13:27:40

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա պիտի մեկնի։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն հանդիպումը նախատեսուած է 23 ապրիլին համար։ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ'ՃՈԶԷֆ ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ ։Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճոզէֆ Պայտըն Երկուշաբթի օր հեռախօսով կապուած է Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, թէ՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են հայ-թրքական քաղաքական երկխօսութեան բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր։



ՍՈՖԻԱՅԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սոֆիայի քաղաքային խորհուրդը 16 ապրիլին յայտարարութիւն մը հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ անոնց զանգուածային վտարումը եւ տեղահանութիւնը, որ իրականացուած էր երիտ-թրքական կառավարութեան կողմէ, ապացուցուած պատմական փաստ է(կը նշուի յայտարարութեան մէջ)աւելցնելով, որ այս գործողութիւնները կը դիտարկուին իբրեւ Ցեղասպանութիւն Հայ Ժողովուրդին նկատմամբ եւ լիովին կը համապատասխանեն ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած Ցեղասպանութեան Ուխտին։ Սոֆիայի քաղաքային խորհուրդի անդամները, պուլկար ժողովուրդի մարդասիրական աւանդութիւններուն համաձայն, իրենց համակրանքը կը յայտնեն Պուլկարիոյ մէջ բնակող հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ կը միանան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման նախաձեռնութիւններուն՝ ապրիլ 24-ին։

ՋԱՒԱԽՔԸ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԸՆԴԱՌԱՋ ՆԻՒԹՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ԱՅՍՕՐ(21 Ապրիլ)։ ՝՝Ջաւախքը նոր մարտահրաւէրներու ընդառաջ՝՝ նիւթով խորհրդաժողովը, որ նախատեսուած էր իրականացնել օրեր առաջ, տեղի կ՝ունենայ այսօր։ Խորհրդաժողովին նախաձեռնող կողմը ՝՝Ա-Ինֆօ՝՝ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ հանդիպումը պիտի կայանայ Ախալքալաքի մէջ։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին շրջանին մէջ գործող տարբեր հանրային-քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, նաեւ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր դեսպանատուներու, իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչներ, որոնք պէտք է քննարկեն Ջաւախքի մէջ առկայ հիմնախնդիրները՝ մատնանշելով անոնց լուծման հաւանական ուղիները։

ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ։ Երկուշաբթի Ապրիլ 20-ին իր աշխատանքներուն սկսաւ 1909ի Ապրիլին, Ատանայի մէջ տեղի ունեցած հայկական կոտորածներու 100րդ տարելիցին նուիրուած երկօրեայ Միջազգային Գիտաժողովը։

Գիտաժողովը սկսաւ տէրունական աղօթքով, որմէ ետք կարդացուեցաւ Գարեգին Բ .Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կոնդակը։ Գիտաժողովի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեանը։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր կարգին կարեւոր նկատեց Գիտաժողովի կազմակերպումը, ընդգծելով, որ Ատանայի կոտորածները նախերգանքն էին Հայոց Մեծ Եղեռնին՝ 1915-1923 թուականներու Ցեղասպանութեան։

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան խօսք առնելով ըսաւ որ Ատանայի կոտորածը վաւերագրուած է բազմաթիւ օտարերկրեայ ներկայացուցիչներու կողմէ, ինչպէս նաեւ 100է աւելի լուսանկարային նիւթերով։Իսկ Պատմաբան Համիտ Բոզարսլանի խօսքով, 1909 թուականին ոչնչացուեցաւ հայերու ունեցուածքը, իսկ 1915 թուականին՝ բռնագրաւուեցաւ եւ իւրացուեցաւ։ 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ կ'ընթանար թրքացման գործընթացքը, որ կը սահմանուէր անով, թէ՝ ազգը պէտք է թուրք ըլլայ, իսկ միւս ազգերը կը համարուին ներքին թշնամիներ։ Ֆրանսահայ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան ներկայացուց ՝՝Կիլիկիան եւ կիլիկիահայութիւնը եւրոպացի ճանապարհորդներու

ուղեւորութիւններուն մէջ զեկոյցը՝՝։ Հուսկ Գիտաժողովի առաջին օրը զեկոյցով հանդէս եկաւ նաեւ Իւ Թերնոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.