2009-04-20 14:42:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։



Երկուշաբթի ապրիլ 20, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Արախնթինայի եիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հինգամեայ կանոնական այցելութիւն ս. Պետրտոսի յաջորդին։



Յառաջիկայ ապրիլ 28-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'այցելէ Իտալիոյ Ապրուցօ մարզի երկրաշարժի աղետեալները։



Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտի այս լուրը հաղոորդելով մամուլին ըսաւ նորին Սրբութիւնը Ապրուցօ կ'այցելէ հանդիպում ունենալու երկրաշարժի աղետեալներու հետ։ Առաւօտեան ժամը 9,30ին կը հասնի Օննա վրանաքաղաքը, ապա կ'անցնի Աքուիլա քաղաքը, ուր պահ մը կանգ կ'առնէ նախ ուսանողներու տունին առջեւ եւ ապա Գոլլեմաճիօ պազելիքային առջեւ։ ֆինանսի զօրանոցի մէջ հանդիպում կ'ունենայ բնակչութեան եւ անոնց օգնութեան հասնողներու ներկայացուցիչներու հետ։ Կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը Վատիկան կը վերադառնայ



Ապրիլ 20-24 Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Ս. Գիրքի քահանայապետական յանձնախումբի լիանիստ ժողովը, նախագահութեամբ Հաւատոյ ժողովի կառավարիչ կարտինալ Ուիլիամ Լեվատայի։ Ժողովի աշխատանքները կը վարէ յիսուսեան հայր Գլմէնս Սդոք։ հաւաքին նիւթն է ''Ներշնչումը եւ Ս. Գիրքի ճշմարտութիւնը''։



Մեքսիքայի եպիսկոպոսները, երկուշաբթի ապրիլ 20, Կուատալուբէ Պազելիքայի մէջ, կը վերանորոգեն իրենց ուխտը նուիրելով երկիրը Ս. Հոգւոյ։ 31 մայիս 1925էն ասդին, օրը որով սկիզբ առաւ արիւնալի հալածանքը կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերին ու հաւատացեալներուն դէմ, Մեքսիքոյի եպիսկոպոսները իրենց այս գոհաբանական աղօթքով կ'ուզեն երախտագիտութիւնը յայտնեն Ամենասուրբ Երրորդութեան եկրորդ Անձին իրենց հայրենիքին շռայլած շնորհքներուն համար 84 տարիներուն ընթացքին եւ միաժամանակ Ս. Հոգիէն կը խնդրեն որ պահհպանէ իրենց հայրենիքի զաւակները ներկայ տնտեսական տագնապին ու արժէքներու կորուստին ի տես։ Մեր այս երկրպագութեամբ կ'ուզենք յիշեցնել մեր հայրենիքի զաւակներուն թէ Աստուած մեզ ընտրեց Իրեն համար, ուստի կանչուած ենք Անոր ծառայելու ու սրբութեան պտուղներ տալու եւ միաժամանակ հռչակելու թէ Քրիստոս Տէրն է պատմութեան, հետեւաբար ամէնքս հրաւիրիուած ենք գործելու որպէսզի Մեքսիքան դառնայ տաճարը սիրոյ, խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան արժէքներու։



Ապրիլ 20-24 Ժընեւին մէջ կը բացուի Մարդու խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան դէմ Տիւրպանի 2001ի յայտարարութեան վերատեսութեան խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է դրական դարձնել վերոյշեալ յայտարարութեան գործադրութիւնը։ Աշխատանքները կը գլխաւորէ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու վերատեսչութիւնը։

Կիրակի օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ուրախ լեր մարեմեան աղօթքին ընթացքին խօսեցաւ այս կարեւոր հանդիպումին մասին։ Սրբազան Քահայանքապետը յիշեցուց թէ ասիկա կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է։ Հակառակ պատմութեան դասին, մատնանշեց Սրբազան Հայրը, տակաւին աշխարհի մէջ կը շարունակուին ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան ցաւալի երեւոյթները։ Տիւրպանի յայտարարութիւնը կը ճանչնայ թէ բոլոր ժողովուրդները ու անհատները, իրենց զանազանութիւններով հանդերձ, կը պատկանին մարդկային ազգին։ Անոնք սատարեցին աշխարհի քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին զարգացումին, որ ժառանգութիւնն է մարդկային մեծ ընտանիքին։ Հուսկ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ ժողովին ընթացքին վճռակամ ու դրական որոշումներ առնուին, ազգային ու միջազգային գետնի վրայ, կանխարգիլելու ու ջնջելու ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան բոլոր երեւոյթները։ Եկեղեցին իր կարգին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուսուցանէ թէ բոլոր ժողովուրդները ու անհատները Աստուծոյ զաւակներ են, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն եւ արժանաւորութեամբ հաւասար են։








All the contents on this site are copyrighted ©.