2009-04-20 14:43:06

Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն


Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Սեպուհ Մխճեանը
Լիբանան - Շաբաթ՝ 18 Ապրիլ 2009-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Պէյրութ Առաջին ընտրաշրջաի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու՝ Սեպուհ Մխճեան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ներքին կացութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին եւ այդ ծիրէն ներս եղաւ կարծիքներու փոխանակում։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց վերջերս Լիբանանեան մամուլի մէջ լոյս տեսած իր կեցուածքը, որ ինք կը մնայ հաւասար հեռաւորութեան վրայ բոլոր թեկնածուներէն, անհրաժեշտ նկատելով երկրին խաղաղութեան պահպանումը, միշտ կառչած մնալով այն ազգային հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնց շուրջ լիբանանի ժողովուրդը իր միասնականութիւնը կրնայ արտայայտել։

Նոյնպէս` Երեսփոխան Միշէլ Ֆարուուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արհի Վարդան եպս. Աշգարեան եւ Թեմի Օգնական եպիսկոպոս՝ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։
Խօսակցութեան առանցքը կազմեց Լիբանանը, յատկապէս երեսփոխանական նախընտրական այս շրջանին։ Քննարկումի նիւթ դարձաւ երկրէն ներս տիրող ընդհանուր կացութիւնը, որուն գծով երեսփոխանը իր տեսակէտները պարզեց, ինչպէս նաեւ դիրքորոշումը՝ յառաջիկայ ընտրութեանց առնչութեամբ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց երկրին ներքին միասնականութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը, մաղթելով որ ընտրութիւնները տեղի ունենան փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.