2009-04-20 12:54:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ-ՊՐԱՅԶԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը հաղորդած է, թէ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ապրիլ 17ին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական Մէթիու Պրայզայի հետ՝ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մարի Եովանովիչի ներկայութեան։

Տեղեկատուութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր, ԼՂ. հիմնահարցի բանակցային գործընթացը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւնները եւ տարածաշրջանային այլ հարցեր



Ճարտարապետներու Համահայկական Համաժողով՝ Ապրիլ 21-24 ։Ապրիլ 21-24ին կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ պիտի կայանայ ՝՝Հայկական Ճարտարապետութիւնը եւ 21րդ Դարը՝՝ խորագիրով Ճարտարապետներու Համահայկական համաժողովը, որուն նպատակն է նպաստել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, համախմբել հայկական ճարտարապետական ներուժը եւ զայն օգտագործել Հայաստանի ճարտարապետական հիմնախնդիրներու լուծման համար, ստեղծել հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան պահպանութեան նախապայմաններ եւ հիմնադրել ճարտարապետներու համահայկական ընկերակցութիւն մը։ Համաժողովը կազմակերպելու համար կապեր հաստատուած են Սփիւռքի եւ Հայաստանի հարիւրաւոր ճարտարապետներու հետ եւ առայժմ յստակացած է, որ Համաժողովին պիտի մասնակցին 100է աւելի սփիւռքահայ ճարտարապետներ՝ աշխարհի 15 երկիրներէ՝ Ամերիկայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն Իտալիայէն, Քանատայէն, ինչպէս նաեւ 100է աւելի ալ՝ Հայաստանէն։ Համաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Երեւանի ճարտարապետութան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի ուսանողները։



ՀՅԴ. Երիտասարդական Միութեան Կազմակերպած Ջահերով Երթը Պիտի Սկսի Մատենադարանէն ։Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Սասուն Սարգսեան յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած եւ Ապրիլ 23ին կազմակերպուող տարեկան ջահերով երթը, այս տարի սկիզբ պիտի առնէ Մատենադարանի շէնքին դիմացէն։ Ըստ Սարգսեանի, երթի մեկնարկի վայրի փոփոխութեան պատճառը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի բակին մէջ տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներն են։ Նշենք, որ բացի ջահերու երթէն, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Երիտասարդական միութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ ծանուցողական պատկերներու (poster) ցուցահանդէս-մրցոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23ին։



ԵՐԵՒԱՆ։Երեւանի մէջ Ապրիլ 16ին կայացած Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովէն ետք, Հայաստան ժամանած խումբ մը թուրք լրագրողներ պատրաստուած էին Ապրիլ 18ին մեկնելու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն,երկրին ծանօթանալու նպատակով։ Սակայն (ըստ իրազեկ աղբիւրներու) այդ այցելութիւնը զանց առնուած է, այն պատճառով, որ թուրք լրագրողները չեն փափաքած ըմբռնել այն, թէ ուրիշ երկիր պիտի մտնէին եւ իրենց անհարաժեշտ էր մուտքի արտօնագիր՝ այսինքն ՝՝վիզա՝՝ ստանալ։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ։Հայաստանի Նախագահը Ստորագրեց Վիքթոր Համբարձումեանի Անուան Միջազգային Մրցանակի Որոշումը։ Մեծահամբաւ գիտնական Վիքթոր Համբարձումեանի յիշատակը յաւերժացնելու, ինչպէս նաեւ անոր գիտական ժառանգութեան զարգացումը խթանելու նպատակով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Ապրիլ 16ին ստորագրուած հրամանագիրով հիմնուած է Հայաստանի Ազգային հերոս, ակադեմական Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակ, որ պիտի շնորհուի աստղաֆիզիքի, ինչպէս նաեւ բնագիտութեան եւ ուսողութեան բնագաւառներուն մէջ աչքառու գիտական աշխատանքին համար, անկախ գիտնականին քաղաքացիութենէն։ Մրցանակը պիտի շնորհուի երկու տարին անգամ մը եւ 2010 թուականը պիտի համարուի մրցանակաբաշխութեան առաջին տարին, իսկ մրցանակին դրամական պարգեւը պիտի ըլլայ 500,000 տոլարի համարժէք դրամ։



ԼՈՍ-ԱՆՃԸԼԸՍ։ Հայ Արուեստագէտներու Գործերու Ցուցահանդէս Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ։ Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազ Ռաքի Տելկատիոյի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22ին(երեկոյեան ժամը 5-7) Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական արուեստի եւ մշակոյթի նուիրուած տօնակատարութիւն մը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին՝ Գարիք Գիւրգճեանի եւ Վարուժան Յովակիմեանի ստեղծագործութիւնները։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.