2009-04-19 12:43:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ուրախ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ուրախ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, ապրիլ 19, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց քահայանապետական ամառանոցի իր գրասենեակի պատշգամէն, համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Նոր կիրակին եկեղեցին նուիրած է Աստուածային ողորմութեան, նոյնպէս այսօր կը յիշատակենք իմ քահայանապետութեանը ընտրութեան չորրորդ տարեդարձը, Աստուծոյ ողորմութեան կը նուիրեմ իմ այս ծառայութիւնը, որուն պատասխանատուութիւնը ստացայ։ Աղօթեցէք Հռոմի Պապին համար, Եկեղեցւոյ ու անոր միութեան համար։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը եւ մայրը եկեղեցւոյ, միշտատեւ պաշտպանէ եւ օգնէ մեզի ամբողջ կեանքին ընթացքին ապրելու Քրիստոսի լոյսով ու Զատկուայ ուրախութեամբ։

Ապա Սրբազան Քահայանքապետը յիշեցուց թէ վաղը ապրիլ 20, Ժընեւի մէջ կը սկսի Տիւրպանի ցեղապաշտութեան դէմ 2001ի յայտարարութեան մասին ժողովը։ Ասիկա կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է։ Հակառակ պատմութեան դասին, մատնանշեց Սրբազան Հայրը, տակաւին կը շարունակուին աշխարհի մէջ ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան ցաւալի երեւոյթները։ Արդարեւ Տիւրպանի յայտարարութիւնը կը ճանչնայ թէ բոլոր ժողովուրդները ու անհատները, իրենց զանազանութիւններով հանդերձ, կը պատկանին մարդկային ազգին։ Անոնք սատարեցին աշխարհի քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին զարգացումին, որ ժառանգութիւնն է մարդկային մեծ ընտանիքին։ Ուստի հարակաւոր է վճռակամ ու դրական որոշումներ առնուին, ազգային ու միջազգային գետնի վրայ, կանխարգիլելու ու ջնջելու ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան բոլոր երեւոյթները։ Եկեղեցին իր կարգին կ'ուսուցանէ թէ բոլոր ժողովուրդները ու անհատները Աստուծոյ զաւակներ են, ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն եւ հաւասար արժանաւորութիւն ունին։

Հուսկ Սրբազան Քահայանապետը ս. Զատիկը շնորհաւորեց բոլոր այն եեղեցիներուն, օրթոտոքս թէ կաթողիկէ, որոնք կը հետեւին Յուլիանոսի տարեցոյցին։

այս խորհրդածութեան աւարտին նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութւիւնը տուա ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.